Հայաստան Զգալի Իրագործումներ Արձանագրած Է Ժողովրդավարութեան Զարգացման Գծով. Էրիք Ռուպըն
- (0)
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- «Ամերիկայի Ձայն»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպըն յայտարարած է, թէ Հայաստան վերջին տարիներուն զգալի իրագործումներ արձանագրած է ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման գծով եւ խոստացած է նեցուկ կանգնիլ ժողովրդավարութեան ապագայ զարգացման:
«Պատրաստ ենք Հայաստանին աջակցելու՝ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման հարցով: Փաստ է, որ Հայաստանը ունի իրական բազմակուսակցական խորհրդարան, մամուլին մէջ գոյութիւն ունի իրական բանավէճ, Հայաստանի մէջ առկայ է հաւաքներու ազատութիւն, առկայ է հասարակութիւն, ուր մարդիկ կրնան արտայայտել իրենց հայեացքները. մենք կը փափաքինք սատարել այս բոլորին՝ աշխատելով իշխանութիւններուն հետ», ընդգծած է Ռուպըն:
Ան նշած է նաեւ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Ամերիկայի երկրորդ առաջնահերթութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն է, որովհետեւ անիկա «բացասական, անարդար եւ ցաւալի է բոլորին համար»։
«Այժմ հակամարտութեան գօ-տիին վրայ մահացածներու եւ վիրաւորներու թիւը ամենաբարձրն է պատերազմի աւարտէն ի վեր, ինչ որ բնական չենք նկատեր: Պատրաստ ենք սերտօրէն աշխատելու երկու ղեկավարներուն հետ: Կը գիտակցինք, որ չկայ կախարդական լուծում, կը գիտակցինք, որ ասիկա երկարատեւ ու ծանր հակամարտութիւն է, սակայն անիկա պէտք չէ ընթանայ սխալ ուղղութեամբ», ըսած է Ռուպըն՝ կարծիք յայտնելով, որ այս տարի յառաջխաղացքի տարի մը կրնայ ըլլալ: