«Հորիզոն»ի 45-ամեայ էջերէն. Հարցազրոյց՝ ՀՕՄ-ի Պապայեան Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի տնօրէն՝ ընկեր Մարգար Շարապխանեանի հետ
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան առթիւ, «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը վարժարանի առաջին տնօրէն Մարգար շարապխանեանի հետ.
«Հորիզոն», 8 Հոկտեմբեր 1979
Հարցազրոյց՝ ՀՕՄ-ի Պապայեան Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի տնօրէն՝ ընկեր Մարգար Շարապխանեանի հետ
ՀՕՄ-ի Պապայեան Մանկապարտէզի եւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն՝ ընկեր Մարգար շարապխանեանի հետ ունեցանք տեսակցութիւն մը, եւ խնդրեցինք իրմէ որ հանգամանօրէն պատասխանէ մեր հարցումներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը ամբողջութեամբ, վստահ ըլլալով որ անիկա կը հետաքրքրէ Գանատայի մեր հայ գաղութը:
Հարցում. Ընկեր Շարապխանեան, ձեր վարժարանին անունը ի՞նչ է:
Պատասխան. Վարժարանը կը կոչուի ՀՕՄ-ի Պապայեան Մանկապարտէզ եւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարան: Սակայն որոշում առնուած է պատկան մարմիններու կողմէ, 1980-81 տարեշրջանէն սկսեալ վարժարանը կոչել Գոլոլեան Վարժարան, երբ Հայ Կեդրոնին կից վարժարանի նոր շէնքը աւարտի յառաջիկայ տարուան Սեպտեմբերին: Ներկայ տարեշրջանի աշակերտութիւնն ալ պիտի փոխադրուի հոն, գալ տարեշրջանին:
Հ. Աշակերտութեան առջեւ վարժարանը իր դռները ե՞րբ բացաւ:
Պ. Աշակերտութեան առջեւ վարժարանը իր դռները բացաւ Սեպտեմբեր 4-ին: Այս բացումը պաշտօնական բնոյթ չէր կրեր, սակայն իբրեւ դասաւանդութեան առաջին օր, ներկայ էին հետեւեալ կազմակերպութեանց վարչական ներկայացուցիչները.- ՀՕՄ-ի Ռուբինա մասնաճիւղի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղերու, ՀԵԴ Ս. Զաւարեան Ուխտի, Ս. Թեհլիրեան Կոմիտէութեան, Ամառնային Ամէնօրեայ Վարժարանի Հոգատար եւ Ուսումնական Մարմիններու, ինչպէս նաեւ՝ Կրթական Մարմնի անդամները:
Կը նախատեսուի Հոկտեմբերի կիսուն կատարուելիք պաշտօնական բացման հանդիսութեան հրաւիրել գաղութիս բոլոր միութիւններու ու կազմակերպութեանց վարչութեանց եւ համայնքներու ներկայացուցիչները:
Հ. Ո՞րքան է աշակերտութեան թիւը, ուսուցչական կազմի թիւը, քանի՞ դասարաններ գոյութիւն ունին ներկայիս, եւ ի՞նչ են դասաւանդուած նիւթերը:
Պ. Հակառակ մեր ակնկալութիւններուն, աշակերտութեան թիւը Սեպտեմբեր չորսին կը հաշուէր 85. կը նախատեսենք որ այս պիտի բարձրանայ 100-ի յառաջիկայ Ամանորին, որովհետեւ կարգ մը ծնողներ կապ պահած են մեզի հետ, տեղեկացնելով թէ իրենց զաւակները նոր տարիէն ետք պիտի ուղարկեն դպրոց:
Ուսուցչական կազմը (ներառեալ Տնօրէնը) կը հաշուէ երեք հայերէնի եւ երկու՝ անգլերէնի դասատուներ: Այս վերջիններէն մէկը կը դասաւանդէ նաեւ ֆրանսերէն լեզու նախակրթարանի Բ. կարգին: Մեր ուսուցիչները վկայեալ մանկավարժներ են, իսկ անգլերէնի երկու դասատուները՝ համալսարանաւարտներ:
Ունինք երեք մանկապարտէզի եւ երկու նախակրթարանի կարգեր, յառաջիկայ իւրաքանչիւր նոր տարեշրջանին դասարան մը եւս աւելցնելու նախատեսութեամբ, այսպէսով՝ 1983-84-ին վարժարանը պիտի տայ իր առաջին նախակրթարանաւարտ հունձքը:
Վարժարանէն ներս կը դասաւանդուին հետեւեալ նիւթերը.- հայերէնով՝ լեզու, ազգային պատմութիւն, կրօնագիտութիւն եւ ընդհանուր գիտելիքներ մշակութային պատմութենէն (տալու համար մեր մշակութային հարստութեան արժէքը) եւ երգեցողութիւն: Անգլերէնով՝ լեզու, բոլոր գիտութիւնները, ընկերային նիւթերը, մարմնամարզ: Տեղին է հոս յիշել, որ վարժարանէս ներս նախապատուութիւն կը տրուի Օնթարիօ Նահանգի Կրթական Նախարարութեան յայտագրի գործունէութեան, եւ դպրոցը ենթակայ է պետական քննութեանց: Տնօրէնութիւնս հանդիպում մը ունեցաւ Կրթական Նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք տարուան ընթացքին հերթաբար վարժարան պիտի ուղարկեն իրենց քննիչները, մեր երախաներու ուսումնական կարողութիւնը դատելու համար:
Հ. Գաղութի հայութիւնը իր նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւնը բերա՞ւ: Դպրոցը, ներկայիս, կը գտնուի՞ դժուարութիւններու առջեւ եւ ի՞նչ միջոց կը կիրարկուի այդ դժուարութիւնները (եթէ կան) հարթելու համար:
Պ. Դպրոցի տարեկան պիւտճէն 100,000 տոլար է, որուն 40,000-ը պիտի գոյանայ ծնողներու վճարած կրթաթոշակներէն, ինչ որ բաց կը ձգէ 60,000 տոլար: Այս պիւտճէին գլխաւոր ծախսը երթեւեկի կը յատկացուի:
Հ. Այս քաղաքի ընդարձակ տարածութիւնը նկատի առած, աշակերտներու փոխադրամիջոցը դժուարութիւններ կը ստեղծէ՞:
Պ. Պէտք է ըսել որ գլխաւոր դժուարութիւններէն մէկը աշակերտներու փոխադրութիւնն է: Այս դժուարութեան պատճառը գաղութի անդամներուն ցրուած բնակութիւնն է. ուստի մեր աշակերտներու թիւի կէսին համար ունինք ինքնաշարժի սպասարկութիւն, վստահուած ընկերութեան մը, իսկ մնացեալ կէսին փոխադրութիւնը կը կատարեն ծնողները, իրենց անձնական միջոցներով:
Ինչ կը վերաբերի այն աշակերտներու ծնողներուն, որոնք առաւօտուն կանուխ կ’երթան իրենց զբաղումին, հաստատուած է մասնաւոր դրութիւն մը մեր ժամանակացոյցին մէջ, հետեւեալ մանրամասնութեամբ՝
Դպրոցը բաց է առաւօտեան ժամը 7:30-էն երեկոյեան ժամը 6. դասաւանդութիւնները կը կատարուին առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ կ. ետք՝ 4. ժամը 12-էն 1՝ ճաշի դադար եւ զբօսանք: Իսկ մնացեալ ժամերուն՝ առաւօտեան 7:30-էն 8:30 եւ երեկոյեան 4-էն 6, աշակերտները (երբ զիրենք փոխադրողները ծնողներն են) կը մնան հերթապահ հսկիչներու հսկողութեան տակ: Այս ժամանակամիջոցին երախաները կը զբաղին սերտողութեամբ, խաղերով եւ կամ հեռատեսիլէն մանկական յատուկ յայտագիրներ դիտելով: Երեկոյեան ժամը 6-ին վարժարանը կը փակէ իր դռները:
Բարոյական թէ՛ նիւթական իրենց աջակցութիւնը բերին ծնողները լայն չափով, Կրթական Մարմնի եւ Տնօրէնութեան զոհողութիւններուն միացնելով իրենց բաժինն ալ: Վստահ ենք որ այս ոգին նոյն թափով կը շարունակուի այսուհետեւ եւս:
Գաղութին ընծայած օժանդակութեան գծով, մասնաւոր ձեռնարկ մը կազմակերպուած չէ տակաւին, սակայն նման ձեռնարկ մը իրականացնելու պարագային, վստահ ենք որ արդիւնքը պիտի ըլլայ բաւական յատկանշական եւ գաղութը իր անսակարկ ու սիրայօժար մասնակցութիւնը պիտի բերէ:
Հ. Շատ անձնական հարցում մը. ի՞նչ են պատճառները, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը ստանձնեցիք, հրաժարելով Թորոնթօ իւնիվերսիթիի գրադարանի փիլիսոփայական բաժնի գրադարանապետի ձեր պաշտօնէն:
Պ. Տնօրէնի պաշտօնին կոչուեցայ եւ զայն ստանձնեցի, որովհետեւ նա՝ ուսուցչութիւնը սրտիս մօտիկ ասպարէզ է, անկէ աւելի նուիրական կոչում չեմ կրնար երեւակայել կեանքիս մէջ. կը հաւատամ այս օտար ափերուն վրայ հայ դպրոցի առաքելութեան, առանց որուն մեր տարած աշխատանքները դժուարութիւններու կրնան հանդիպիլ, թէ՛ ազգային եւ թէ՛ քաղաքական մեր բոլոր հետապնդումներն ու վազվռտուքը կրնան օր մը պղպջակներու վերածուիլ: Հայ դպրոցին մէջ է որ երախան կը ստանայ ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւն, (պետական յայտագրի կողքին), վառ կը մնայ իր մէջ ազգային ոգին եւ կը դաստիարակուի համապատասխան մեր տուած կրթութեան:
Հ. Կարգապահական դրութիւն մը հաստատուա՞ծ է դպրոցէն ներս:
Պ. Նկատելով որ մասնաւոր (private) վարժարան մըն է մեր վարժարանը, եւ նիւթական հսկայ զոհողութիւններ կը պահանջուին, մեր պարտականութիւնն է ուսման տուչութեան կողքին նաեւ դաստիարակել եւ կրթել մանուկը համապատասխան իր ապրած միջավայրի պահանջներուն: Դպրոցը ունի կարգապահական խիստ օրէնքներ, որոնք գնահատուած են ծնողներէն: Խորքին մէջ կարգապահական այս խիստ ընթացքը որդեգրած ենք ծնողներու փափաքին ընդառաջելով, սակայն պէտք է ճշդենք թէ ֆիզիքական պատիժներու չենք ենթարկեր երախաները: Ուսուցիչներուն այս յստակ ճշդորոշումը կատարած ենք արդէն, ուսուցչական Ա. ժողովի ընթացքին, որպէսզի աշակերտը գիտակցութեան հրաւիրուի դրական մօտեցումներով:
Հ. Ծնողներու վերաբերումը ի՞նչ է ընդհանուր առմամբ: Գո՞հ են ձեր ջամբած ուսումէն, երթեւեկի սպասարկութենէն, աշակերտին դպրոցէն ներս կատարած աշխատանքներէն: Եղա՞ն արդեօք ծնողներ որոնք դժգոհութիւն յայտնեցին որեւէ պատճառով:
Պ. Այս բոլորին մասին արտայայտուիլ կանուխ է տակաւին, որովհետեւ դպրոցը հազիւ շաբթուան մը կեանք ունի:
Հ. Ի՞նչ ծրագիրներ կան ապագայի համար:
Պ. Յառաջիկայ տարեշրջանին, Հայ Կեդրոնին կից, յատուկ հողաշերտին վրայ, պատրաստ պիտի ըլլայ վարժարանի նոր շէնքը, արդիական ամէն յարմարութիւններով օժտուած: Պէտք է հոս յիշեմ որ սոյն շինութիւնը անմիջապէս սկսելու քաջալերանքը կը պարտինք Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Գոլոլեանին, որոնք 150,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ առիթը ընծայեցին անմիջապէս գործի անցնելու:
Տակաւին կանուխ է, սակայն անձնապէս կը կարծեմ որ մեր ապագայի ծրագիրներուն մէջ պէտք է առնենք նաեւ երկրորդական վարժարան մը, որովհետեւ 12-18 տարիքի միջեւ է որ հայ պատանին կը թրծուի ազգային ոգիով ու կը կրթուի համապատասխան մեր աւանդութիւններուն, գանատական ընդհանուր մթնոլորտին մէջ:
Մօտակայ քաղաքներէն, ինչպէս Հեմիլթըն եւ Քեմպրիճ, շատ մը ծնողներէ առաջարկներ եկած են մեզի, որ դպրոցէն ներս հաստատուի հնգօրեայ գիշերօթիկի դրութիւն մը, իսկ շաբաթավերջին աշակերտները ազատ ըլլան իրենց ծնողներուն մօտ անցնելու երկու օր: Եթէ այս պարագան կարելի ըլլայ, անձնապէս պիտի ջանամ յաջողցնել հետագային:
Իսկ մեր ապագայի ծրագիրներու յաջողութիւնը միշտ կախեալ է հասութաբեր ձեռնարկներու եկամուտէն ու բարերարներէն:
Հ. Յաւելեան այլ բացատրութիւններ ունի՞ք «ՀՈՐԻԶՈՆ»ին տալիք:
Պ. Երբ վարժարաններու դրութիւնը կանոնաւորուի Գանատայի զանազան քաղաքներուն մէջ, մասնաւորաբար Թորոնթօ եւ Մոնրէալ, պատկան մարմիններուն պիտի առաջարկեմ, անձնապէս, որ գանատական մեր հայ դպրոցներու ցանցը առնուի մէկ Ուսումնական Մարմնի հակակշռին տակ (անշուշտ կը գիտակցինք որ պետական ուսումնական ծրագիրները կը տարբերին Օմփարիօ եւ Քեպէք նահանգներուն մէջ, սակայն այդ մէկն ալ կանոնաւորելու համար, կրնանք նոյնանման, միօրինակ ծրագիր մը պատրաստել, համադրելով երկու նահանգներու ծրագիրները), որովհետեւ մեր այսօրուան երախաները, ապագային մեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու եւ անոնց մարմիններու անդամներ պիտի դառնան: Հոս է որ կը ճդորոշուի եւ կը յատկանշուի միակ Ուսումնական Մարմնի մը գոյութեան պահանջը:
Ուսուցիչներու յատուկ մանկավարժական նիւթերով սեմինարներ եւս անհրաժեշտ են, որոնք կարելի է կատարել Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, եւ կամ երկուքին միջեւ հեռաւորութեան մը:
Նկատելով որ ուսուցչանոցներ եւ անոնցմէ վկայեալ մասնագէտներ չունինք, կրնանք այդ սեմինարներուն իբրեւ դասախօսներ հրաւիրել հանրածանօթ դաստիարակներ եւ մանկավարժներ:
Այս սեմինարներու ընթացքին ուսուցիչներու միջեւ մօտիկութիւն մը կը ստեղծուի եւ կը զարգանան փոխ-յարաբերութիւնները, տարբեր քաղաքներու մանկավարժներուն միջեւ:
Յ. Յ.
Comments are closed.