Զարաքօլու Կը Դրուատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ընող Բանաձեւը
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու յօդուածով մը կը յիշեցնէ, թէ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Սապահաթ Թունճել վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարան յղեց բանձեւը մը՝ պահանջելով, որ Թուրքիա ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ու սուգի օր հռչակէ Ապրիլ 24ը։
«Ոմանք թերեւս պիտի ըսեն, որ հիմա ատոր ժամանա՞կն է, իսկ ես կը պատասխանեմ՝ այո՛, ճիշդ ժամանակն է», կը գրէ Զարաքօլու՝ աւելցնելով. «Թուրքիա մը, որ չի յաջողիր իր պատմութեան հետ երես առ երես գալու, չի կրնար ձեռք բերել մնայուն հաշտութիւն մը։ Հարցին լուծումը մեծապէս կախեալ է պատմութեան հետ երես առ երես գալէն»։
Թունճել իր օրինագիծին մէջ կը պահանջէ, որ նախագահ Էրտողան խորհրդարանին մէջ ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն, ու ապա երթայ վայր մը ու բարձրաձայն կարդայ իր ներողութիւն խնդրող պատգամը։
Ըստ Զարաքօլուի՝ այս տեսակէտէն ամենայարմար վայրն է Հայտարփաշայի կայարանի պատմական սանդուխները, որովհետեւ հայ մտաւորականները այս կայարանէն ճամբայ հանուեցան դէպի աքսոր ու մահ։
Զարաքօլու նաեւ կը յիշեցնէ, թէ այս երկրի պատմութեան մէջ կան բազմաթիւ սպանդներ, սկսեալ Տերսիմի սպանդէն, որ կը ցցուի ընկերային հաշտութեան մը որոնումներուն առջեւ։
Ըստ Զարաքօլուի՝ Թուրքիոյ պետութիւնը տասը տարին անգամ մը տարբեր հատուածներ սպանդի ենթարկած է։ «Կարծես թէ այս պետութիւնը այլեւս չի կրնար ապրիլ առանց ներքին ու արտաքին թշնամիներու մասին խօսելու։ Այժմ հայերէն ներողութիւն խնդրելն ու Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը այդ միակ պայմանն է, առանց որուն կարելի չէ հաշտութիւն ապահովել», կը գրէ ան։
Զարաքօլու կը յիշեցնէ, որ 2012ին բանտէն նամակ մը ղրկած էր խորհրդարան ու պահանջած, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի ու ներողութիւն խնդրուի, իսկ 1998ին, Ցեղասպանութեան դէմ պայքարող միութիւնները, որոնց ինք եւս կ՛անդամակցի, գերմանիաբնակ թուրքերէ աւելի քան տասը հազար ստորագրութիւն հաւաքած էին, որպէսզի ճանչցուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
«Կը յուսամ, որ Սապահաթ Թունճելի առաջարկը լուրջ կը նկատուի ու անհրաժեշտը կը կատարուի», կ՛եզրակացնէ Զարաքօլու։