Հայոց ցեղասպանութեան մասին Ճէյմս Պրայսի վկայութիւնը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի 7 Հոկտեմբեր 1915-ի թիւին մէջ


Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր 7 Հոկտեմբեր 1915-ի թիւին մէջ «800,000 հայեր սպաննուած են» խորագիրով տեղեկատուութեան մէջ կը գրէ. «Միացեալ Նահանգներու մէջ Բրիտանիոյ նախկին դեսպան Ճէյմս Պրայս այսօր (6 Հոկտեմբեր 1915-ին «Հ») Լորտերու պալատին մէջ ըսաւ, որ տարբեր կողմերէ իրեն հասած է այն տեղեկութիւնը, որու համաձայն, Փոքր Ասիոյ մէջ Մայիսէն ի վեր սպաննուած հայերուն թիւը 800,000 է՝ հաւանական թիւ մըն է։ Ան յայտարարեց, որ գրեթէ ամբողջ ազգը բնաջնջուած է եւ անհաւանական նկատեց, որ պատմութեան մէջ «այսքան սոսկալի եւ լայնածաւալ» ոճիրի պարագայ մը եղած է։

«Լորտ Պրայս յայտնեց.«Այս մարդոց մահը արդիւնք է ներկայիս թրքական պետութիւնը ղեկավարող աւազակախումբի մը դիտաւորեալ եւ կանխամտածուած քաղաքականութեան։ Ամէն անգամ ջարդերուն հրամանը Պոլիսէն եկաւ։ Կարգ մը պարագաներու, շրջաններու կառավարիչները, մարդասէր, բարեպաշտ մարդիկ ըլլալնուն համար, մերժեցին հրամանները գործադրել եւ առնուազն երկու կառավարիչներ այդ պատճառով առանց այլեւայլի պաշտօնէ վտարուեցան։

«Սովորական գործելաոճը քաղաքի մը ամբողջ բնակչութիւնը հաւաքելն էր։ Ժողովուրդին մէկ մասը բանտ կը նետուէր եւ մնացեալը կը քալէր քաղաքէն դուրս, իսկ արուարձաններուն մէջ այր մարդիկը կիներէն ու մանուկներէն կ՚անջատէին։ Կիներն ու մանուկները ստոր տեսակի զինուորներու հսկողութեան տակ կը դրուէին եւ հեռաւոր վայր մը կ՚ուղարկուէին։

«Զինուորները զանոնք օրերով յառաջ կը մղէին։ Անոնցմէ շատեր ճամբան ինկան եւ շատեր սովի պատճառով մահացան, որովհետեւ անոնց սննդեղէն չէր տրամադրուէր։ Անոնց բոլոր ունեցուածքները յափշտակուեցան եւ շատ պարագաներու կիները մերկացուեցան եւ այդ վիճակով շարունակեցին քալել։ Բազմաթիւ կիներ խենթացան եւ իրենց զաւակները լքեցին։ Դիակներու շարքը կը նշէր կարաւանի ընթացած ճամբան։ Համեմատաբար քիչեր հասան որոշեալ վայրը։

«Տրապիզոնի մէջ սպանդին իրողութեան մասին կը վկայէ Իտալիոյ հիւպատոսը։ Տրապիզոնի մէջ բոլոր հայ քրիստոնեաները սպաննելու հրամաններ հասան։ Բազմաթիւ իսլամներ փորձեցին փրկել իրենց քրիստոնեայ բարեկամները, սակայն իշխանութիւնները մնացին անդրդուելի եւ բոլոր քրիստոնեաները հետապնդեցին եւ զանոնք ծովեզերք մղեցին։ Ապա զանոնք դրին առագաստանաւերու մէջ, ծովուն մէջ որոշ հեռաւուրութիւն տարին եւ նաւերէն վար նետեցին։ 10,000 հաշուող ամբողջ հայ բնակչութիւնը այսպիսով մէկ կէսօրուան մէջ բնաջնջուեցաւ»։ 
Լորտ Մէյըր Մանշըն Հաուզի մէջ 15 Հոկտեմբերին հանդիպումի մը ընթացքին ազդանշանը պիտի տայ հայ գաղթականներու օժանդակութեան ֆոնտի մը։ Խօսք առնողներու շարքին պիտի ըլլան Լորտ Պրայսը, Պուռն կարտինալը եւ Թի.Փի. Օ՚Քանըրը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.