Ազրպէյճանցիները Սերժ Սարգսեանը «Պատերազմի Յանցագործ» Ճանչնալու Պահանջով Ստորագրահաւաքի Սկսած Են


Yerkir.am կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցիները ստորագրահաւաք սկսած են։ Անոնք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն կը պահանջեն Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը ճանչնալ իբրեւ «պատերազմի յանցագործ»։ Անոնք ներկայացուցած են, թէ «ինչո՞ւ ասիկա կարեւոր է». «Ցաւոք, Սերժ Սարգսեանը՝ Հայաստանի ներկայ նախագահը, Ազրպէյճանի դէմ բազմաթիւ անգամ կատարուած յարձակողական քաղաքականութեան համար միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ տակաւին չէ պատժուած։ Անոր անիմաստ՝ «Մենք ուզեցինք Ազրպէյճանին լաւ դաս տալ» յայտարարութիւնը չէ մոռցուած։ Սերժ Սարգսեանը անմիջականօրէն ներգրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից եօթը շրջաններու բռնագրաւման։ Անոր ռազմական, քաղաքական նախայարձակութիւնը պէտք է դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ»։

Ստորագրահաւաքին ներկայ դրութեամբ մասնակցած է 24 հազարէ աւելի թուրք եւ ազրպէյճանցի։ Ստորեւ կը տեղադրենք ստորագրահաւաքի յղումը՝ որու ստորին հատուածին վրայ կրնաք սեղմել «report» կոճակն ու կանխարգիլել այս խեղկատակութեան տարածումը։ Այստեղ՝ secure.avaaz.org 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.