«Վասն հայրենեաց մեռար, դու շատ ապրեցար»


«Անկախ» կայքը կը գրէ.«Յունուար 29-ին պիտի լրանար 2014-ի Օգոստոսի 1-ի լոյս 2-ի գիշեր հակառակորդի հետախուզական ներթափանցման փորձը կանխարգիլած եւ անձնուիրաբար զոհուած աւագ տեղակալ Զօրիկ Գէորգեանի 26-րդ տարեդարձը։

2014-ի Օգոստոսի 1-ի լոյս 2-ի գիշերը՝ Մարտակերտի ուղղութեամբ հակառակորդի հետախուզական ներթափանցման փորձը կասեցնելու ընթացքին արիաբար զոհուեցաւ քաջարի սպան։ Զօրիկ Գէորգեանին յետմահու շնորհուած է գնդապետի կոչում։ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի հրամանարգով պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով՝ «Արիութեան համար» մետալով։ Զօրիկ Գէորգեանը կատարած է նաեւ 14 թռիչք անկարգելով, որու համար եւս պարգեւատրուած է։ Մայրը՝ Հերմինէ Քոչարեանը կը պատմէ, որ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին զինուորագրուելու որդիի որոշումը անբեկանելի էր։ «Ուզում էի՝ պատմաբան դառնայ, ախր շատ էր հետաքրքրւում մեր ժողովուրդի անցեալով, պատմութիւնով…Բայց յանկարծ 8-րդ դասարանում Զօրիկը որոշեց, որ զինուորական է դառնալու…Ես դէմ էի…Մեր տանը զինուորականներ էին ամուսինս, եղբայրս, եղբօրս որդին։ Ասացի.«Ձգէ գոնէ քեզ չսպասեմ…»։ Թղթերը տարաւ ռազմական հիմնարկ, քննութիւնները յանձնեց ու զանգեց, թէ՝ «մամ ջան, շնորհաւորի՛ր, ընդունուել եմ…»։ 

Տիկին Հերմինէն արցունքը աչքերուն կը յիշէ միակ որդիի հետ անցուցած իւրաքանչիւր րոպէն ու կ՚աւելցնէ.«Ան հիմա միայն իմը չէ, իր գործով վկայեց, որ նա բոլորինն է, իմ ժողովուրդինը»։ Օգոստոսի 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդի ձեռնարկած հետախուզական գործողութեան ժամանակ հերոսաբար մարտիրոսացած աւագ տեղակալ Զօրիկ Գէորգեանի քոյրը՝ Անի Գէորգեանը, կը նշէ, որ հերոս եղբայրը պատերազմ կանխարգիլած է՝ ճակատ-ճակատի դիմադրելով քանի մը անգամ մեծ թիւով ատրպէյճանցիներուն։ «Զօրս պատերազմ ա կանխել»։ Զօրիկը սիրով, ջերմութեամբ, հիացմունքով կը խօսէր իր զինուորներու մասին։ Այդ տղաներէն մէկը՝ կրտսեր ենթասպայ Սարգիս Մովսիսեանը, Զօրիկէն քանի մը օր ետք հիւանդանոցին մէջ մահացաւ. ան մինչեւ վերջ իր հրամանատարի կողքին եղած է։Զօրիկ Գէորգեանի մայրն ու քոյրը մեկնած են Արցախ՝ Զօրիկի ծառայակիցներու հետ անցնելու բանակի ու բանակի խորհրդանիշը դարձած հերոս-հրամանատարի տարեդարձը։

Վանաձորի Յ. ԹումանԵանի անուան պետական համալսարանի յենակետային վարժարանը 2014 թուականի նոյեմբերի 25-էն ի վեր կը կրէ Զորիկ Գէորգեանի անունը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.