Էրտողան Դժգոհ Է Սուրիոյ Պատերազմին Նկատմամբ «Արեւմուտքի Անտարբերութենէն»
- (0)
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քննադատած է այն իրողութիւնը, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն կազմին մէջ միայն քրիստոնեայ հինգ պետութիւններ կան։ «Աշխարհը հինգ պետութիւններէն մեծ է եւ անընդունելի, որ ՄԱԿի անդամ 196 պետութիւնները դատապարտուած ըլլան ենթարկուելու այդ հինգ պետութիւններուն։ Ո՛չ մէկը իրաւունք ունի այդպիսի բանի։ Այն ատեն չենք կրնար ըսել, թէ աշխարհի մէջ արդարութիւն կայ։ Մնայուն հինգ անդամները միայն աշխարհի երեք ցամաքամասերը կը ներկայացնեն», ըսած է Էրտողան ու աւելցուցած, որ մնացեալ 10 երկիրները, որոնք կրնան միայն առժամեայ անդամ ընտրուիլ, չեն կրնար էական ազդեցութիւն ունենալ համաշխարհային զարգացումներուն վրայ։
Անդրադառնալով Սուրիոյ ներքին պատերազմին ու միլիոնաւոր գաղթականներու հարցին՝ Էրտողան կարծր խօսքերով մեղադրած է աշխարհի գերտէրութիւններն ու միջազգային հանրութիւնը՝ շեշտելով, որ «Արեւմուտքը անտարբեր կը մնայ» Սուրիոյ հարցով, իսկ Սուրիոյ ժողովուրդի ճակատագիրը ձգուած է բախտի քմահաճոյքին։
Ըստ Էրտողանի՝ միայն երկու պետութիւններ՝ Ռուսիան եւ Չինաստանը, իբրեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ, չեն արտօներ, որ արտաքին միջամտութիւն կատարուի ու տապալի նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը։ Ան դիտել տուած է, որ մինչ Թուրքիոյ մէջ 1.7 միլիոն սուրիացի գաղթականներ կան, Եւրոպայի մէջ անոնց թիւը միայն 130 հազար է։