Քոպանիի մէջ Քրտական Յաղթանակը Թուրքիոյ Պարտութիւնն Է
- (0)

Թուրք յօդուածագիր Ամեպրին Զաման «Ալ-Մոնիթըր» կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող հազարաւոր քիւրտեր Քոպանիի մէջ 133-օրեայ արիւնալի ճակատամարտէն ետք՝ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ արձանագրուած յաղթանակը նշեցին բացականչելով «Քոպանին ազատ է, Յաջորդը Օճալանն է»։ Սուղ գինով ապահովուած յաղթանակը իրենց ազգային իրաւունքներուն համար քիւրտերուն մղած երկարատեւ պայքարին մէջ ջրբաժան մը կը նկատուի։ Սակայն կարգ մը վերլուծաբաններ կ՚ըսեն, որ անմիջական յաղթականները Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնն (ՔԱԿ) ու անոր արգելափակեալ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանն են, իսկ պարտուողը ոչ միայն ՏԱՀԵՇ-ն է, այլ նաեւ՝ Թուրքիան։
ՔԱԿ-ի ապահոված շահերը, պատերազմի դաշտէն անդին, կը հասնին դիւանագիտութեան դաշտ։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ Ուաշինկթըն բացայայտ կերպով կը համագործակցի ՔԱԿ-ի հետ՝ հակառակ անոր, որ ՔԱԿ կը շարունակէ մնալ այդ երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ։ Քոպանիի (Արաբ Բունար) մէջ եւ անոր շուրջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին իրերայաջորդ օդային հարուածները՝ ճակատամարտը շրջեցին ի նպաստ քիւրտերուն։
ՔԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութեանց փոփոխութեան վճռորոշ պահը Հոկտեմբեր 19-ին ամերիկեան «Սի-130» բեռնատար օդանաւերու կողմէ պարտութեան եզրին գտնուող քրտական ուժերուն օժանդակութիւն եւ զէնքեր տրամադրելն էր։ Այդ մէկը ցնցեց Թուրքիան, որ 1984-էն ի վեր պայքար կը մղէ ՔԱԿ-ի դէմ, եւ ամրապնդեց տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան նպատակներուն նկատմամբ անոր երկարատեւ կասկածները։
Դժգոհութիւնը փոխադարձ է։ Ուաշինկթըն յուսախաբութիւն յայտնած է, որ Անգարա կը մերժէ դաշնակից ուժերուն ռմբաձիգներուն արտօնել Հարաւային Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ատանայի Ինճիրլիք ռազմական օդակայանը օգտագործել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակում գործելու համար։ Թուրքիոյ կողմէ քիւրտ զինեալներու մատակարարման համար սահմանին թրքական կողմէ միջանցք մը բանալ մերժելը համբերութեան բաժակը յորդեցուց։ Քիւրտերուն զէնք նետելու Ուաշինկթընի քայլը ստիպեց, որ Անգարա միջանցք մը բանայ, սակայն միայն 150 փեշմերկաներու համար, որոնք իրենց հետ բերած հեռահաս հրետանիով սկսան աջակցիլ ՔԱԿ-ի մէկ թեւը եղող Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն։
Արեւմուտքցի դիւանագէտ մը յայտնեց, որ եթէ Թուրքիան քիւրտերու կողքին կանգնած ըլլար, այն տեսակէտը, որ Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի կողքին կը կանգնի՝ այսքան տարածուած պիտի չըլլար։ Ան յայտնած է.«Թուրքիան չյաջողեցաւ Իրաքի մէջ քիւրտերուն արգելակել, անհաւանական է, որ ան այդ մէկը կարենայ Սուրիոյ մէջ»՝ աւելցնելով.«Թրքական քաղաքականութիւնը՝ եթէ ոչ քիւրտ ղեկավարները, ապա քիւրտերը միացուցած է»։