«Յարդէ Պուպրիկներ»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Շարժանկար Մը


Ամերիկացի բեմադրիչ Ճոն Միլանոյի «Յարդէ Պուպրիկներ» շարժանկարը Հայկական Ցեղասպանութեան մասին է:
Միլանօ վերջերս մանրամասն կերպով ներկայացուց շարժանկարը արտադրելու եւ բեմադրելու երկամեայ հոլովոյթը։ «Անիկա վիճելի է միայն, երբ մարդիկ զայն վիճելի կը դարձնեն։ Ճիշդ է, որ թրքական կառավարութիւնը այս բռնարարքը չէ ճանչցած, սակայն թրքական կառավարութեան դէմ բողոքելու համար շարժանկար մը պատրաստելու չձեռնարկեցինք, այլ՝ պատմելու պատմութիւն մը, որ Հոլիուտը կը խուսափի պատմել»։

Միլանօ յայտնեց, որ ինք ուզած է վստահ ըլլալ, որ շարժանկարը պատմական առումով 100 առ հարիւր ճշգրիտ է եւ իր պատմած պատմութիւնները ճշմարիտ են։ «Շարժանկարին մէջ շատ քիչ ստեղծագործական ազատութիւն առինք՝ քաջ լաւ գիտնալով, որ երբ այս շարժանկարը պատրաստենք, պէտք է ճշմարտութեան վրայ խարսխուած ըլլայ։ Եւ այդ է պատճառը, որ շարժանկարի պատրաստութեան համար հետազօտութիւնը երկու տարի տեւեց»։

Հետազօտութիւնը բացայայտեց հարիւրաւոր պարբերաթերթեր, լուսանկարներ, վերապրողներու հարցազրոյցներ եւ ակադեմական գիրքեր, եւ երբ Stories My Father Never Finished Telling գիրքի հեղինակ Տակլըս Գալայճեան աշխատանքին մասնակից դարձաւ, աշխատակազմը կրցաւ բացայայտել հազուադէպ պատմութիւններ, որոնք գործուած բռնարարքներու շարքին աչքի կը զառնէին։

Շարժանկարի գլխաւոր դերասաններն են մրցանակակիր իրանահայ դերասանուհի Մարի Ափիք եւ Մարքօ Խան(եան) (10,000 BC եւ God’s Not Dead), եւ շարք հայ երիտասարդ դերասաններ։ Միլանօ կը բացատրէ, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ Հայաստանի նմանող վայր գտնելը դժուար էր եւ ամբողջ Լոս Անճելոսի գաւառի մէջ 36 վայրեր աչքէ անցնելէ ետք՝ փնտռտուքի աշխատանքը ընդլայնուած է ներառելով քաղաքին հիւսիսային մասը։ Ի վերջոյ զայն գտած են Simi Valley-ի մէջ, ուր նկարահանուած է Քուինթըն Թարանթինոյի Django Unchained-ը։

Շարժանկարի նկարահանումը ամբողջացած է Նոյեմբեր 2014-ին եւ անոր առաջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլ 2015-ին, Լոս Անճելոսի եւ Երեւանի մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.