Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավար Շրջան Մը Չենք Ուզեր. Էրտողան


ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ «Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցողին նման ինքնավար քրտական շրջան մը չ՛ուզեր»։
«Իրաքի կացութեան կրկնութիւնը չենք ուզեր, ոչ ալ հիմա կրնանք ընդունիլ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յառաջացումը ինքնավար քրտական շրջանի մը։ Հարկ է այս հարցին մէջ մեր կեցուածքը պահպանենք, այլապէս՝ այդ մէկը ապագային մեծ հարցերու աղբիւր պիտի ըլլայ», ըսած է ան։
Անդրադառնալով Քոպանի քաղաքին, ուրկէ քիւրտ զինեալները վերջերս վտարեցին «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները, Էրտողան ըսաւ, որ չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ անիկա այդքան կարեւոր է եւ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ, օրինակ, չի զբաղիր Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակով։
«Քոպանիի մէջ բնակչութիւն չկայ։ 200 հազար մարդ արդէն մեր մօտ տեղափոխուած է։ Այնտեղ են միայն կռուողները։ Մենք Օպամային ըսինք, որ այնտեղ բեռներ չնետեն։ Ցաւօք, երեք օդանաւ այնտեղ նետեցին այն, ինչ անհրաժեշտ էր, եւ այդ բեռներուն կէսը ինկաւ «Իսլամական պետութեան» ձեռքը։ Իսկ այժմ, ո՞վ կը զինէ զինեալները», ըսաւ Էրտողան։
Իր կարգին, Փենթակոնի բանբեր գնդ. Սթիւ Ուորըն յայտարարեց. «Հակառակ Քոպանիի մէջ անոր կրած պարտութեան, «Իսլամական պետութեան» դէմ կռիւը չէ աւարտած։ Կռիւը կը շարունակուի, սակայն Միացեալ Նահանգներու դաշնակից ուժերը դէպի յաղթանակ կ՛ուղղուին»։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի, իր կարգին նշեց. «Քոպանին տակաւին վիճելի տարածք է»՝ աւելցնելով, որ «Իսլամական պետութեան» հակադրուած ուժերը քաղաքին եւ անոր մօտ գտնուող տարածքներուն 70 առ հարիւրին կը տիրեն, սակայն «կարելի է հաստատ կերպով ըսել, որ քրտական ուժերու յառաջխաղացք գոյութիւն ունի»։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԱՍԱՏԻ ՏԱՊԱԼՈՒՄՆ Է

Էրտողան նաեւ յայտարարած է. «Սուրիոյ մէջ մեր քաղաքականութիւնը յայտնի է, եւ մենք չենք պատրաստուիր խաղալ անոր հետ։ Մեր նպատակը Սուրիոյ մէջ գործող վարչակարգի տապալումն է»։
Ըստ անոր՝ կան երեք բաներ, որոնք պէտք է ընել եւ որոնց մասին ինք խօսած է Օպամային հետ. թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծում, սուրիական զինեալ ընդդիմութեան մարզում եւ զինում։ Միացեալ Նահանգները վերջինով կը զբաղի, սակայն մնացեալներով՝ ոչ։
Էրտողան ընդգծած է, որ Ասատի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն թիրախը չէ, «սակայն առանց ատոր՝ խնդիրի լուծում չըլլար։ Ամէն ինչ այնպէս կ՛ըլլայ, ինչպէս Իրաքի մէջ։ Մենք չենք ուզեր, որ ատիկա կրկնուի։ Ձեւաւորուեցաւ հիւսիսային Իրաք, եւ մենք չենք ուզեր հիւսիսային Սուրիա, ատիկա անընդունելի է մեզի համար»։

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՓԱԿԱԾ Է ԱՆՑԱԿԷՏ ՄԸ

Թրքական իշխանութիւնները փակած են Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Ճիլվեկէօզու անցակէտը՝ Սուրիոյ կողմէն տեղի ունեցած կրակոցներուն պատճառով։ Կրակոցները տեղի ունեցած են սահմանի սուրիական կողմի անցակէտին՝ Պապ Հաուայի մէջ։
Կրակոցներու ձայները լսուած են այն վայրին մէջ, ուր թրքական բեռնատարները իրենց բեռը կը տեղափոխէին սուրիական բեռնատարներու մէջ։
Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն թրքական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ սահմանային անցքը փակուած է


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.