Թրքական Կուսակցութիւնը Զայրացած Է Տինքի Նուիրուած Ձեռնարկին Մասնակցած Իր Երեսփոխաններէն
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ներկայացուցիչները զայրացած են իրենց կուսակից երեսփոխաններէն, որոնք մասնակցած են Հրանդ Տինքի նուիրուած ձեռնարկին ու քալած «Առերեսուեցէ՛ք Հրանդի հետ, Ցեղասպանութեան հետ» կարգախօսին ետեւէն։
Օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին, կուսակցութեան անդամ, նախկին երեսփոխան Շահին Մենկիւն նշած է, որ երեսփոխանները կրնային մասնակցիլ քայլարշաւին, սակայն այդպիսի պաստառի մը հետ քալելը սխալ է։
«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը անընդունելի է, սակայն պնդումները, որ 1915ին հայերու հանդէպ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է՝ մեծ սխալ է։ Ասիկա վիրաւորանք է՝ ուղղուած մեր կուսակիցներուն», ըսած է Մենկիւն։
Կուսակցութեան անդամ Քեման Անատոլ իր կարգին պնդած է. «Տինքը սպաննողներէն բացատրութիւն պահանջելը այլ բան է, անցեալին հետ առերեսուելու կոչ ուղղելը՝ այլ բան։ Տինքը գործիք դարձնելով՝ անցեալին հետ առերեսուելու կոչ ուղղելը երկերեսութիւն է»։
Տինքի յիշատակի քայլարշաւին Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն մասնակցած են Շաֆաք Փաւէյ, Ումութ Օրան, Սուլէյման Չելեպի, Քատիր Կէօքմեն ու Հուսէյն Այկիւն։