Լոյս Տեսաւ ջարդարար թուրք ղեկավարներու ահաբեկումներու մասին «Նեմեսիսի Գործողութիւնը» գիրքը


Փետրուար 21-էն ի վեր, արդէն հրապարակի վրայ է Էրիք Պօղոսեանի «Նեմեսիսի գործողութիւնը» անգլերէն գիրքը, որ հրատարակուեցաւ Little, Brown and Company հրատարակչատան կողմէ։ 

Hachettebookgroup.com կայքը կը գրէ, որ 1921-ին, հայրենասէրներու փոքր խմբակ մը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ մէկ միլիոն զոհերուն վրէժը լուծել։ Անոնք իրենց գործողութիւնը կոչեցին փոխհատուցման յունական չաստուածուհիի անունով՝ «Նեմեսիս»։ Անոնք քանի մը տարուայ ընթացքին հետապնդեցին եւ ահաբեկեցին թուրք նախկին ղեկավարներ։ Այս գաղտնի գործողութեան պատմութիւնը մինչեւ հիմա երբեք ամբողջական կերպով չէ պատմուած։

Կայքը նաեւ կը գրէ, որ Էրիք Պօղոսեան չի բաւարարուիր այս պատմութիւնը Օսմանեան եւ Հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան պատմութեան ծիրին մէջ պատմելով, այլ՝ նոր լոյս կը սփռէ 20-րդ դարու մեծագոյն ոճիրներէն մէկուն եւ պատմութեան քաղաքական փոխհատուցման ամէնէն հոյակապ արարքներէն մէկուն վրայ՝ հիմնուելով տարբեր ցամաքամասերու վրայ տարիներով կատարած իր հետազօտութեանց վրայ։ «Նեմեսիս»-ը ոչ միայն ընթերցողը մակնիսացնող գիրք մըն է, այլ նաեւ՝ չարիքի, վրէժի եւ բռնարարքի հետեւանքներուն մասին խորաթափանց քննութիւն մը։

Էրիք Պօղոսեան գրող է եւ դերասան, որ ծանօթ է իր երգիծական մենախօսութիւններով եւ ընկերային հարցերու մեկնաբանութեամբ։ Ան ծնած է Մասաչուսեցի մէջ։ 1988-ին, ան Օլիվըր Սթոնի հետ աշխատակցած է «Թոք Ռէտիօ»-ի մէջ, որուն մէջ ստանձնած է Պարրի Չամփլէյնի դերը։ Այս շարժանկարին շնորհիւ Պօղոսեան Պերլինի ֆիլմի փառատօնին ստացած է «Արծաթէ Արջ» պարգեւը։

1994-ին, աւարատած է իր թատերգութիւնը՝ Suburbia, որ հետագային բեմադրիչ Ռիչըրտ Լինքլէյթըրի կողմէ շարժանկարի վերածուեցաւ։ Իբրեւ դերասան ան երկրորդական դերեր ստանձնած է «Տոլորես Քլէյպըրն»-ի, «Անտըր Սիճ 2»-ի եւ «Տիքոնսթարքթինկ Հարի»-ի մէջ։ Ան նաեւ դերեր ստանձնած է Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ»-ին մէջ եւ «Չարլիզ Էյնճըլզ՝ Ֆուլ Թրոթըլ»-ի մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.