Հայ զինուորներու դրութիւնը Կալիփոլիի մէջ
«ՀՈՐԻԶՈՆ» – Հայկական Ցեղասպանութեան դէպքերու մանրամասնութեանց հարուստ աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ Սեպտեմբեր եւ հետագային՝ 1919-1925:
Ծածկանուններով թերթին աշխատակցած են Լիպարիտ Նազարեանց, Շաւարշ Միսաքեան, Զապէլ Եսայեան, Վահագն Քրմոյեան եւ ուրիշներ:
«Հայկական հարց», «Երկիր», «Մեծ ճգնաժամը» խորագրով թերթի մնայուն սիւնակները կը ներկայացնեն Մեծ Եղեռնի օրերուն պատահած պատմական նշանակութիւն ներկայացնող եղելութիւններ:
Մեծ Եղեռնի 90-ամեակի օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, թերթի հարազատ ծաւալով վերահրատարակեց Հայաստանի 1915-ի հաւաքածոն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 1915-ի թիւերէն քաղուած տեղեկութիւններու փունջ մը:
* * *
Հայ զինուորներու դրութիւնը Կալիփոլիի մէջ
Գէլիպօլուի («Հ». Կալիփոլի) ռազմադաշտին վրայ կը գտնուին 30-40 000-ի մօտ հայ զինուորներ: Մեծ մասը անզէն՝ կը գործածուին ամրութիւններու շինութեան եւ փոխադրութեան:
Զինուածները դրուած են կրակի առաջին գիծերուն վրայ: Անցեալները մօտ 450 հայ զինուորներ, մեծ մասամբ Իզմիտի շրջանակներէն, խրամի մը մէջ կը ռմբակոծուին ֆրանսական օդանաւերուն կողմէ: Ասոնցմէ միայն 3 հոգի կարողացեր են ազատիլ վիրաւոր եւ փոխադրուեր են Պոլիս՝ դարմանուելու համար: Բաւական կազդուրուելէ յետոյ արձակուրդով կը մեկնին իրենց գիւղը (Օվաճըգ), բայց ամբողջ գիւղը քարուքանդ եւ ժողովուրդն ալ տեղափոխուած տեսնելով, յուսահատ կը վերադառնան Պոլիս:«Հայաստան», Չորեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 1915