6-7,000 զէյթունցիները քշած են դէպի Տէր-Զօր. «Հայաստան», 15 Օգոստոս 1915
- (0)

Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրութիւններու աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերը եւ հետագային՝ 1919–1925։ Ստորեւ կը հրապարակենք 15 Օգոստոս 1915-ի թիւէն կարճ լրատուութիւններ.
Հայկական հալածանքը
Այաշցիները
Ինչպէս կը հաւաստեն, Այաշի աքսորեալները բոլորն ալ քշուած են Էնկիւրի: Իրենց տեղ նոր կալանաւորներ պիտի լեցնեն: Հաւանական է որ Էնկիւրիէն Տէր-Զօր տանին:
Հայ պաշտօնեաները
Անատօլուի երկաթուղիի ընկերութենէն կառավարութիւնը պահանջեր է ճամբել բոլոր հայ պաշտօնեաները:
Տնօրէնը պատասխաներ է, որ եթէ արձակէ 8-900 հայ պաշտօնեաները, գիծը կը դադրի գործելէ:
Զէյթունցիները
Սուլթանիէ ղրկուած 6-7,000 զէյթունցիները քշած են դէպի Տէր-Զօր
Զէյթունի լեռները ապաստանած հայ փախստականները, ինչպէս կ’ըսուի, յարձակելով իրենց տեղերը բնակեցուած թուրքերուն վրայ՝ շատերը սպաններ եւ զիւղը այրեր են: