Ըստ Թարաֆի Արաթ Տինք Թուրքիոյ 2015-ի խորհրդարանի ընտրութեանց թեկնածու

\n

\n

Թէեւ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դեռ 6 ամիս կայ, սակայն քրտական “Ժողովուրդներու դեմոկրատական” կուսակցութիւնը սկսած է Թուրքիոյ 81 նահանգներուն մէջ 550 պատգամաւորի թեկնածուներոը փնտռտուքը:

\n

Ըստ News.am-ի՝ Թրքական Taraf-ը կը փոխանցէ`  քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատականէ (HDP) կուսակցութեան կազմին մէջ ստեղծուած ընտրութիւններու համակարգման խորհուրդը կուսակցութեան առաջնորդներու հետ հանդիպումներէ ետք սկսած է յստակացնել առաջադրուելիք թեկնածուներուն անունները:

\n

Կը նշուի, որ կուսակցութեան մէջ որոշում կայացուած է պատգամաւորի թեկնածու առաջադրել Հրանտ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը կամ որդին` Արաթ Տինքը, սակայն հաշուի առնելով, որ 2011-ին Ռաքէլ Տինքը հրաժարած էր դառնալ պատգամաւորի թեկնածու, հաւանական կը համարուի Արատ Տինքը առաջադրել:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.