Ֆրանսայի Կրթութեան Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւնը կրթական պատկան բոլոր մարմիններուն շրջաբերական յղելով կոչ ուղղած է` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Շրջաբերականին մէջ կ՛ըսուի, թէ 18 հոկտեմբեր 2002-ին` ընդառաջելով եւրոպական խորհուրդի նախաձեռնութեան` կրթութեան եւրոպացի նախարարները որդեգրեցին հռչակագիր մը, որուն հիմամբ հաստատուեցաւ Ողջակիզումի յիշատակումի եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման օր մը` անդամ պետութիւններու բոլոր դպրոցներուն մէջ:
Ֆրանսա եւ Գերմանիա յիշատակումի իբրեւ թուական ընտրեցին 27 յունուարը, որ կը զուգադիպի Օշուիցի ճամբարի ազատագրման տարեդարձին:
Կ՛ըսուի նաեւ, որ 2015-ը նացիական ճամբարներու ազատագրման 70 ամեակին զուգահեռ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբին 100-ամեակն է եւ երեքշաբթի, 27 յունուար 2015-ի ոգեկոչման օրը պատշաճ առիթ է յիշելու այդ ողբերգութիւնները, ինչպէս նաեւ անուրանալի դերը արդարներու, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով պաշտպանեցին հալածեալներ: