Թուրքիոյ նախագահական նախկին թեկնածու Տեմիրթաշ. «Հայերու դէմ Ցեղասպանութիւն գործադրուած է»
- (0)

Թուրքիոյ «Ժողովուրդներու դեմոկրատիա» քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սելահետին Տէմիրտաշը CNNTurk հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթերով յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ tert.am-ը:
Ցեղասպանութիւնը ճանչցող քիւրտ գործիչը նշած է, որ այնտեղ եղած է նաեւ քիւրտերու դերակատարութիւնը:
«Մենք առանց տատամսելու կ’ընդունինք, որ Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: Քիւրտերն ալ, բոլորն ալ դերակատարութիւն ունեցած են այդ ցեղասպանութեան գործին մէջ: Սակայն քաղաքական որոշում կայացնողները եղած են Թալէաթ փաշան ու Էնուէր փաշան եւ «Իթթիհատ վէ թերաքքին»: Եթէ օսմանեան ողջ ժառանգութեան տէր կը կանգնիք, ատոր ալ տէր կանգնէք: Անգամ եթէ այդպէս չէ` առերեսուէք այդ ցաւին»,- կոչ ուղղած է ան: