«Մհերը` ներշնչման աղբիւր». Մհեր Ջուլհաճեան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքի 20-Ամեակ

Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ,  հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ 20 տարիներ առաջ հաստատուած «Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանք»-ի մրցանակակիր բոլոր աշակերտներուն շարադրութիւնները ամփոփող «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքին շնորհահանդէսն ու 2023 թուականի մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը:

Այս առիթով կը հրատարակենք գիրքին մէջ տեղ գտած գիրքի հրատարակութեան մէջ իր ներդրումը ունեցած եւ յառաջաբանի հեղինակ Յովիկ Պէրթիզլեանի գրութիւնը:

Մհերը Առաջնորդ  Եւ Ուսուցանող

Կեանքի սկիզբէն ի վեր աշխարհին վրայ իրարու դէմ պայքարի մէջ են Չարն ու Բարին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը աշխարհը կը քաշէ իր կողմը: Իսկ այդ պայքարի ընթացքին ի՞նչ կը կատարուի երկրագունդին վրայ: Ի՞նչ կը կատարուի մարդոց միջեւ, ժողովուրդներու միջեւ: Անոնց յարաբերութիւններուն մէջ բարի՞ն կը գերիշխէ, թէ՞ չարն ու ատելութիւնը: Կարգ մը ընկերաբաններ` դիտելով այսօրուան աշխարհը, քննելով մարդոց եւ ժողովուրդներուն վարքագիծը` իրաւունք ունին եզրակացնելու, որ, հակառակ 21-րդ դարու հաղորդակցութեան միջոցներու բարձր զարգացածութեան` մարդիկ եւ ժողովուրդներ աւելի շատ հակուած են օտարացման, որ` մարդուն եւ ժողովուրդներու միջեւ շատ աւելի գերիշխող կը դառնայ դաժանութիւնը: Թէեւ, հաւանաբար, Չարին եւ Բարիին պայքարին մէջ ոչ մէկ նոր բան կայ, անիկա սկիզբէն իսկ եղած է նոյնքան դաժան եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Ամբողջ այս պայքարի ընթացքին կը ծնին մարդիկ, որոնց մէկ մասը կը զինուորագրուի Չարի բանակին, իսկ մէկ այլ մասը` Բարիի բանակին: Ո՛ր մէկուն զինուորագրուողներուն թիւը աւելի մեծ է: Տրամաբանօրէն պէտք է հաւասար ըլլան: Բայց մենք հակուած ենք մտածելու, որ Բարիի բանակին զինուորագրեալներուն թիւը աւելի մեծ է. պարզապէս մէկ չարը կրնայ 100 բարիի գործը փճացնել. ճիշդ այնպէս, ինչպէս մէկ փտած խնձորը կրնայ ամբողջ զամբիւղ մը խնձորը փճացնել:

Երկրագունդին վրայ ապրելու, նաե՛ւ իր գոյութիւնը պահպանելու համար ճանապարհ ինկած է նաեւ Հայը, երբեմն երերուն, երբեմն` հաստատուն քայլերով, երբեմն պարտուած, երբեմն ալ` յաղթած: Ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կ՛ըլլան Մեծ պայքարին վերիվայրումները:

Հայուն Բարիին տեսակը իր մէջ կը խտացնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը. ճիշդ այնպէս, ինչպէս Հայկ նահապետը, Սասունցի Դաւիթը եւ բոլոր միւսները` ֆետայիներ, ազատամարտիկներ եւ բոլոր դարերու հայ մարտիկներ, զինուորներ:

Ահա այդ Մեծ պայքարին իր չափով մասնակից է նաեւ հայ ժողովուրդը` արդէն աւելի քան 4000 տարիներէ ի վեր: Հայ ժողովուրդը կը ծնի զաւակներ, որոնք կը զինուորագրուին Բարիի բանակին` ապահովելու համար հայ ժողովուրդի գոյութեան շարունակականութիւնը իր սեփական հայրենիքի հողին վրայ:

Հայու այդ տեսակէն էր նաեւ Մհեր Ջուլհաճեանը, որ զինւորագրուեցաւ Բարիի բանակին` պայքարելու համար հայ ժողովուրդին չարիք ցանկացողներուն դէմ, որոնք հազարամեակներէ ի վեր կը փորձեն յօշոտել հայուն մարմինը` հայրենիքը:

Մհերներուն տեսակը մանկութենէն կը սկսի քայլ առ քայլ գծել ապագայի իր ճանապարհը, որով պիտի քալէ դէպի յաւերժութիւն: Այդ ճանապարհը կը սկսի ընտանեկան դաս- տիարակութեամբ, կը շարունակուի դպրոցին մէջ, կը թրծուի գաղափարական հնոցի մէջ, եւ արդէն այդ տեսակը կոտրել կարելի չէ, ան պատրաստ է իր ետեւէն տանելու շատերը, դաստիարակելու իր օրինակով:

Հայրենասիրութիւն, պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, յանձնառութիւն: Եթէ ասոնք խտացան մարդու մը մէջ, ահա՛ կը ստեղծուի Մհերին տեսակը, Հա՛յը, որ շատերուն առաջնորդն է եւ հայրենիքին տէրը:

Ան երբեք ճիգ չ՛ըներ մարդիկ առաջնորդելու, բայց բազմութիւններ կը հետեւին իրեն, ան երբեք ճիգ չ՛ըներ դաստիարակողի դեր ստանձնելու, բայց կը դառնայ Ուսուցանող: Վկա՛յ այս գիրքը, որ մեր ձեռքերուն մէջն է:

***

Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական այս մրցանքին կը մասնակցին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ, որոնք պատանեկան անկեղծութեամբ, զգացմուն- քայնութեամբ կ՛արտայայտեն իրենց մտածումներն ու ապրումները:

Կարդալով պատանի աշակերտներուն շարադրութիւնները` մենք անգամ մը եւս կը հաստատենք Մհերի տեսակին առաջնորդ եւ ուսուցանող ըլլալը, իր հերոսական անձնական օրինակին հետեւելու պատրաստ սերունդներուն անկոտրում կամքն ու յանձնառութիւնը կոփելու կարողութիւնը:

Մհերի նահատակութենէն ծնած այս գիրքը լաւագոյն փաստն է ազգային դաստիարակութեան արդիւնաւէտութեան:

Մհերի նահատակութենէն անցած են 25 տարիներ, բայց գաղափարական դաստիարակողի իր դերը կը շարունակուի: Գիրքին մէջ կը տեսնենք, թէ ան իր օրինակով ինչպէ՛ս պայքարի ոգի եւ հայրենասիրութիւն կը ջամբէ հայ աշակերտին:

Այս աշակերտներուն գրութիւններուն մէջ մենք կը վկայենք անոնց սէրը` հանդէպ հայոց լեզուին, որ իր կարգին հայրենասիրութեան եւ յանձնառութեան մէկ այլ դրսեւորումն է:

Այս աշակերտներուն մէջ մենք կը տեսնենք հպարտ հա՛յը, որ արդիւնք է Արցախի յաղթական աւարտ ունեցած ազատամարտին, եւ որուն համար հայ ազգը շնորհակալ պէտք է ըլլայ Մհեր Ջուլհաճեանին եւ բոլոր ժամանակներու բոլո՛ր նահատակներուն, որովհետեւ  անոնք մեզի կու տան ահա-    ւասիկ այսպիսի հոյակապ սերունդ, որ կը յուսադրէ մեզ, լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:

Այս աշակերտները կու գան ըսելու, որ վերցուցած են Մհերներու պայքարի ջահը եւ պատրաստ են ինքնավստահօրէն շարունակելու պայքարը:

Մհերներուն յաջորդները մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի նոր յաղթանակներ, դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:

Յ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ

Comments are closed.