Ջենկիզ Աքթար. «Արդեօք Պէ՞տք է Ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թէ՞ Շարունակենք Խաբել Մենք Մեզ»


 

«Հայոց ցեղասպանութիւնը Փոքր Ասիոյ մեծագոյն ողբերգութիւնն է»

Յայտնի թուրք լրագրող եւ գրող Ջենկիզ Աքթար թրքական «Թարաֆ» եւ անգլիատառ «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած «Մուտք գործելով 2015 թուական» յօդուածին մէջ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին կը գրէ.

«Ով գիտէ, թերեւս այն, որ չարը մեզ կը հետապնդէ, անվերջանալի զանգուածային սպանութիւնները եւ չարչարանքներէն ապաքինելու մեր անկարողութիւնը պայմանաւորուած է դարաւոր անէծքով ու սուտով։ Դուք ի՞նչ կը կարծէք։ Թերեւս ասիկա հայերու, երեխաներու, կանանց ու տղամարդոց, առանց դագաղներու մահացած ժողովուրդի անէծքն է։ Չի բացառուիր, որ մեր հոգիի փոթորիկներուն պատճառը ճիշդ այս է, ճիշդ այն տարաբախտ քաղաքացիները, որոնց շարքին էին նաեւ յոյները, ասորիները, ալեւիներն ու քիւրտերը։

Թերեւս ջարդերը, որոնց հաշուի չեն առներ սկսած 1915 թուականէն եւ այն «գինը», որ այդպէս ալ մնաց չվճարուած, այժմ կը վճարուի զայն իրականացնողներու թոռներու կողմէ՝ տարբեր ճամբաներով։ Գողցուած կեանքերը, թալանուած տուները, ոչնչացուած եկեղեցիները, բռնագրաւուած դպրոցներն ու շորթուած սեփականութիւնները…«Արդեօ՞ք Աստուած կրնայ ստիպել քեզի վճարել այդ բոլորի համար։ Եւ արդեօ՞ք մենք կը վճարենք մինչեւ օրս կատարուած բոլոր անարդարութիւններուն համար»։

Հակառակ դարաւոր անէծքին՝ 2015 թուականին բանավէճ պիտի ըլլայ.«Արդեօ՞ք ատիկա ցեղասպանութիւն էր», հարցում մը, որուն պատասխանը տակաւին չէ տրուած։ Մենք պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս պետութեան վարձկանները հսկայական ջանքեր կը գործադրեն ամօթը ծածկելու եւ ատոր հետ առերեսուելու ուղղուած բոլոր քայլերը յետաձգելու համար։ Եթէ անոնք կարելիութիւն ունենային պարզապէս պիտի խուսափէին 2015 թուականէն։ Պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ, գիտաժողովներ, քննարկումներ, որոնց մէջ պիտի յայտարարենք, որ հայերը մեզ սպաննած են եւ այդպէս պիտի շարունակենք պարել սեփական մեղեդիի վրայ։

«Որքա՞ն ժամանակ պէտք է անէծքը իր գործը կատարէ մինչեւ մենք մեզի հարցնենք՝

– Հաշուի նստի՞լ ազգը արեան միջոցով շէնացնելու մեր քայլերուն հետ

– Իմանա՞լ եւ յիշե՞լ, թէ ինչպէս անվնաս, աշխատասէր, արդիւնաւէտ, տաղանդաւոր ու խաղաղասէր ժողովուրդը ոչնչացուեցաւ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ ցաւակցի՞լ անոնց թոռներուն,

– Զգա՞լ այն բարբարոսութեան իմաստը, որ հայ ժողովուրդին ստիպեց գոռալ «Ո՞ւր էիր Աստուած» 1915 թուականի ամառը, որ մռայլ ու ցուրտ էր, ինչպէս մահը,

– Գիտակցի՞լ, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ բնակող միլիոնաւոր հայերը այսօր չկան։ Մնացած հայերու մէկ մասը ստիպուած էր թաքցնել իր ինքնութիւնը, կամ ալ ընդունիլ իսլամութիւնը։ Արդեօ՞ք պէտք է «Ատիկա ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ», կամ «Ո՞վ որու սպանեց» հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին փորձենք անկեղծ ըլլալ ու լսել մեր խղճին,

– Գիտակցի՞լ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն կորսուտը եղած է սպանդը ոչ իսլամ ժողովուրդներու, որոնք այլեւս չկան այս երկրին մէջ։

Շատ են այն հարցումները, որոնք պիտի տանք մենք մեզի։

«Հայոց ցեղասպանութիւնը Փոքր Ասիոյ մեծագոյն ողբերգութիւնն է: Անէծքը պիտի շարունակուի իր գործը ընել, եւ ատիկա կրնանք կանգնեցնել միայն այն ժամանակ, երբ սկսինք խօսիլ այդ մասին, ընդունինք իրողութիւնը, հասկնանք ու հաշուի նստինք կատարուածի հետ», կը գրէ Աքթար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.