Վահան Յովհաննեսեանը հեռացաւ


Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն խոր վշտով տեղեկացնում է, որ տևական հիւանդութիւնից յետոյ, դեկտեմբերի 28-ին, վախճանուեց մեր ժամանակների ամենավառ անհատականութիւններից մէկը` ազգային-պետական ականաւոր գործիչ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ և լիազոր դեսպան

ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԵՍԵԱՆԸ:

Հ.Յ.Դաշնակցության մեծ ընտանիքի անունից մեր վշտակցութիւնն ենք բերում Վահան Յովհաննեսեանի հարազատներին ու մտերիմներին, մեր ժողովրդին, մեր բոլոր ընկերներին:

Հ.Յ.Դ. Բիւրօ

 

Վահան Էդուարդի Յովհաննիսեան ծնած է 1956 թուականին, Երեւան:

1973 թուականին Երեւանի թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, կիսատ ձգելով ուսումը Պրիւսովի համալսարանին մէջ, Վահան Յովհաննիսեան կը մեկի Մոսկուա եւ 1978 թուականին այնտեղ կ՛աւարտէ Մոսկուայի պետական մանկավարժական համալսարանը:

Աւարտելէ ետք լծուեցաւ աշխատանքի Հարաւային Սիպիրի մէջ:

Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք եւ աշխատիլ գիւղի մէջ` իբրեւ ուսուցիչ: 1980 թուականին զինծառայութիւնը աւարտելէ եւ Երեւան վերադառնալէ ետք վերջապէս կարելի եղաւ սկսիլ աշխատանքի սիրած մասնագիտութեամբ: Բայց այն օրերուն համալսարանական ղեկավարները Վահանին ետ վանեցին Հայաստանի միջնադարեան պատմութենէն:

“Էրեբունի” թանգարանին մէջ Վահան Յովհաննիսեան կ՛աշխատէր 1980 թուականէն, սկիզբը` իբրեւ գիտաշխատող, յետոյ` գիտահետազօտական բաժնի վարիչ, իսկ 1989 թուականէն տեղափոխուեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ:

Տարբեր հնագիտական արշաւախումբերու կազմին մէջ Վահան Յովհաննիսեան պեղումներու մասնակցած է Հայաստանի ամբողջ տարածքին. այդ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարու շատ արժէքաւոր նիւթեր:1989 թուականէն Վահան Յովհաննիսեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ է:

Հայրենիքին մէջ կուսակցութեան պաշտօնական վերահաստատումէն ետք 1990 թուականին ընտրուած է Դաշնակցութեան առաջին Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ գործուղուած է Արցախ, ուր մասնակցած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման: 1992 թուականին Վահան Յովհաննիսեան ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ պարտականութիւններու մօտաւորապէս նոյն շրջանակով:

Սակայն, քաղաքական մթնոլորտը Հայաստանի մէջ կը շիկանար ՀՀՇ-ական իշխանութիւններու ամէն մէկ ապաշնորհ սայթաքումի հետեւանքով, եւ Ղարաբաղեան հարցէն զատ Դաշնակցութեան առջեւ կը կանգնէին նորանոր խնդիրներ: Գտնուելով կալանքի տակ` Վահան Յովհաննիսեան 1997 թուականին հեռակայ կերպով ընտրուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ:

Դատաքննութեան ընթացքին ան կը շարունակէր քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Անոր ելոյթները դատարանին մէջ քաղաքական մեծ արժէք ունէին այդ օրերուն երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին համար :

1999 թուականէն մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1999 թուականին ընտրուած է ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր 17-րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն եւ դարձած Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:

Ղեկավարած է Հայաստանի ԱԺ առաջին պատուիրակութիւնը ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ:

2003-ին եւ 2007-ին դարձեալ ընտրուած է խորհրդարանի պատգամաւոր եւ երկու անգամ ալ դարձած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահ: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է մինչեւ 2008 թուականը:

Այդ ժամանակահատուածին ղեկավարած է Հայաստանի Աժ պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովին, հանդիսացած է Հայաստան-Ռուսաստան եւ Հայաստան-Պելառուսիա միջխորհրդարանական յանձնաժողովներու համանախագահ:

2008 թուականին մասնակցած է նախագահական ընտրութիւններուն` իբրեւ ՀՅԴ թեկնածու:

2012 թուականի Մայիս 6-ին Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է համամասնական ընտրակարգով ՀՅԴ կուսակցութենէն: Ղեկավարած է Հայաստանի առաջին պատուիրակութիւնը Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովին` հանդիսանալով Եւրոնեսթի Բիւրոյի անդամ:

2013 թուակաին Դեկտեմբեր 28-ին ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով նշանակուած է Գերմանիոյ Դաշնային հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

Վահան Յովհաննիսեան կեանքէն հեռացաւ 20 տարի ետք ճիշտ այն օրը, երբ հայրենիքի մէջ կասեցուեցաւ Դաշնակցութիւնը:



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.