Երուսաղէմի Հայկական Պարտէզը Կ՛օտարացուի – Բ. – Յորդոր` Երուսաղէմի Կարգ Մը Մեր Կղերիկոսներուն
ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ցորենը մի անգամ լինելով տկար,
Այնպէս բոյս չեն գտել, որ անեն նշխար:
Գայլը հովիւ դառած կ՛արածէ ոչխար.
Աղուէսը հաւնոցի դրանն յուշարար,
Ի՞նչ հսկող են գտել, խելքի՛ աշեցէք:
Դեռ նոր սկսած էի այս յօդուածը գրել (նախորդը), երբ հեռաձայնիս պաստառին յայտնուեցաւ տեսանիւթ մը` 1967-էն ի վեր իսրայէլեան գրաւումին տակ գտնուող սուրիական Կոլան շրջանին մէջ տեղի ունեցող բուռն դէպքերուն մասին: Կատղած ցուցարարներ, արցունքաբեր կազի եւ ձայնային ռումբերու կիրարկում (արցախեան պատերազմէն ետք մեզ` հայերուս համար տխրահռչակ դարձած անօդաչու թռչող սարքի մը միջոցով), անզէն մարդոց ուղղութեամբ ռետինէ փամփուշտներու արձակում:
Իսրայէլացիները կ՛ուզեն այդ ջրառատ (Իսրայէլ կոչուած գոյացութեան սպառած ջուրին մէկ երրորդը կը մատակարարէ) ու հովուտ բարձունքներուն պարտէզներուն մէջ տեղադրել հողմանիւներ (հողմաշարժ շեղբեր)` «մաքուր ուժ» արտադրելու պատրուակով: Իսկ տեղացի սուրիացի-տիւրզիները (որոնց մեծ մասը 1967-էն ի վեր կը մերժէ ստանալ իսրայէլեան անձնագիր ու ծառայել բանակին մէջ, ինչ որ տնտեսական ու ընկերային տաժանելի խոչընդոտներ կը ստեղծէ իրենց համար) այս ծրագիրը կը նկատեն ապօրինի գործարք մը` գաղութաբնակեցումի (արաբերէն` իսթիթան) քաղաքականութեան դրսեւորումներէն մէկն է:
Այսպիսի պատկերները տասնեակ տարիներէ ի վեր արդէն ամէնօրեայ դարձած են պաղեստինեան կեանքին մէջ: Բայց իմ ուշադրութիւնը գրաւեցին քանի մը բաներ.
Ա.- Երկու շրջաններուն եւ համայնքներուն խնդիրները իրար շատ նման են:
Տուեալ շրջանին (Երուսաղէմ կամ Կոլան) բնիկ տեղացիներուն կալուածները, անկախ միջոցէն ու մեր աչքերուն տեսանելի գործարքէն, օտարումի ու առգրաւումի վտանգին տակ են: Մէկ տեղը անօրէն գործարքի մը միջոցով, իսկ միւս տեղը` պարտադրաբար իրագործուող նախագիծի մը ճամբով:
Բ.- Երկու շրջաններուն նմանատիպ իրաւական ու քաղաքական կարգավիճակը:
«Հայկական թաղամասը» եւ առհասարակ «Հին Երուսաղէմ»-ը մինչեւ 1967-ի պատերազմը (արաբները զայն նաեւ կ՛անուանեն` Ալ-Նաքսահ, իսկ հրեաները` Վեցօրեայ պատերազմ) կը գտնուէր Յորդանանի իշխանութեան ներքոյ, իսկ Կոլանի բարձունքները, ինչպէս բոլորս գիտենք, Սուրիոյ: Սակայն այսօր, հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ը երկու շրջաններն ալ կը ճանչնայ իբրեւ վերոյիշեալ պետութիւններուն մաս, իսրայէլցիները արդէն Կոլանը իրենցը հռչակած են, իսկ Երուսաղէմը, նոյնիսկ այդ հողերը, որոնք պաշտօնապէս յորդանանեան են, ճահճուած են ապօրինի գաղութաբնակեցումային տեղաւորումներով: Երկու շրջաններն ալ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը ճանչցաւ իբրեւ իսրայէլեան:
Գ.- Կոլանցիներու ազգակիցերուն վերաբերմունքը` պատահարին:
Կոլանի տիւրզիները, ինչպէս սաղիմահայութիւնը, իրենց ցեղին(1) հնագոյն համայնքներէն ըլլալով հանդերձ, ամէնէն փոքրաթիւն ու ամէնէն մեկուսացածն են: Սակայն կոլանցիներուն պարագային, անոնց ցեղա-կրօնակիցերը շուտով արձագանգեցին իրենց եղբայրներուն կեցուածքին ու գործողութիւններուն: Գալիլիոյ մէջ հարիւրաւոր տիւրզիներ (պատմականօրէն Պաղեստինի, բայց ոչ` Սուրիոյ տիւրզիներ) շուտափոյթ ցոյցեր կազմակերպեցին եւ ճամբաներ գոցեցին` ի նշան բողոքի, իրենց արիւնակիցներուն կրած անարդարութեան: Սուրիոյ Դամասկոս քաղաքի Տումա շրջանին մէջ տիւրզիներ եւ ոչ տիւրզի սուրիացիներ նմանօրինակ գործողութիւններ կատարեցին: Յաջորդող օրերուն Պաղեստինի մէջ, իրենց հոգեւոր առաջնորդին գլխաւորութեամբ, կազմակերպեցին ցոյց մը: Վերջինս աննախադէպ խիստ խօսքեր ուղղեց կառավարութեան, մինչեւ յօդուածս աւարտեմ իսրայէլեան կառավարութիւնը առժամաբար սառեցուց այս ծրագիրը:
Իսկ մենք` հայերս, բացի քանի մը հեռաձայններէ, առցանց գրառումներէ եւ անհատական ձեռնարկումներէ, ի՞նչ ըրինք: Մէջբերում մը կատարեմ Պաղեստինի տիւրզիներու հոգեւոր հովիւին խօսքերէն, որոնք կրնան լաւ դաս ըլլալ բոլորիս. «Աշխարհիս երեսին կայ որեւէ կողմ կամ անձ, որ կրնայ տիւրզիներուն միասնութեան դէմը կանգնիլ»:
Դ.- Կոլանի կրօնական դասին պահուածքն ու վերաբերմունքը:
Ինծի համար ամէնէն յատկանշականն էր կրօնական դասին ներկայութիւնը տիւրզիներուն կատարած ցոյցերուն: Անոնք սոսկ իրենց ներկայութիւնը արձանագրելու համար չմասնակցեցան, այլ ղեկավարեցին ու առաջնորդեցին իրենց հօտը, վիրաւորուեցան ռետինէ փամփուշտներէն ու ռումբերէն, անոնցմէ քանի մը հոգին շնչահեղձ եղաւ, բայց օրուան աւարտին անոնք եւ իրենց հօտը մէ՛կ ամբողջութիւն էին, իրնեց սրտերուն մէջ նոյն վիշտը կրող, նոյն նպատակին համար պայքարող` պատուի եւ հողին սիրոյն:
Ինքնախարազանում չեմ ուզեր ընել, ոչ ալ անձնատեաց եմ` իբրեւ հայ, պարզապէս կ՛ուզեմ տիւրզիներուն օրինակին հետեւինք, նեցուկ կանգնինք Երուսաղէմի մեր ազգակից եղբայրներուն, քանզի անտարբերութիւնը ոճիր է: Իսկ Երուսաղէմի մեր կղերականներուն (նախկին կամ ներկայ). եթէ չէք ուզեր տիւրզիներուն օրինակին հետեւիլ, տամ քանի մը օրինակ մեր` հայերուս պատմութենէն:
Հետեւեցէ՛ք Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանին, որ իր հայ կաթողիկէ հօտը առանձին չձգեց Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, անոնց հետ բռնեց մահուան ու նահատակութեան ճանապարհը, որ զայն հասցուց երանելիութեան բարձունքին:
Ինծի համար (եւ կը յանդգնիմ ըսել, թէ բացարձակ ճշմարտութիւնը սա է) գոյութիւն ունի մէ՛կ Հայաստանեայց եկեղեցի, անկախ անկէ թէ քանի՞ պատրիարքական ու կաթողիկոսական աթոռներ ու միաբանութիւններ ունինք, կամ ունեցած ենք պատմութեան ընթացքին (X): Արդ, կը խնդրեմ հետեւեալ հատուածին մէջ կառուցողական խօսքերէն զատ ուրիշ ոչ մէկ բան տեսնել:
Չեմ կրնար չյիշել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի վերջին երկու այցելութիւնները Սուրիա: Այցելութեանց պատճառները տարբեր էին, մէկը մարդածին աղէտ մը` պատերազմը, իսկ միւսը` բնական` երկրաշարժ: Սակայն երկու դէպքերուն ալ վեհափառ տէրը որոշեց այցելել իր hօտի զաւակներուն, ըլլալ անոնց մէջ, երբ դեռ ապահով չէր Սուրիան, կամ երբ դեռ յետցնցումներ տեղի կ՛ունենային, կրկին անգամ աղ ու հաց կիսեց անոնց հետ: Հոգեւոր առաջնորդի մը եւ ղեկավարի մը այսպիսի վերաբերմունք նուազագոյնը իբրեւ օրինակ պիտի ներկայացուի, եթէ չդրուատուի:
Սո՛ւրբ հայրեր, ձեր տեղը մեզի հետ է, մեր մէջ, մեր կողքին` այստեղ է բարձրագոյն դիրքը, ծայրագոյն աստիճանը:
Տամ օրինակ մը եւս, որուն ականատեսը եղայ Սուրիոյ մէջ: Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան նախկին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, որ կրնար, երբ որ ուզէր, լքել Հալէպ քաղաքն ու երկինքէն տեղացող հրթիռներու անվերջ տարափը, մինչեւ վերջին պահը մնաց իր հօտին հետ, անտէր չձգեց զայն: Եւ այն փոքրիկ դպիրը, որ տարիներ առաջ խորանին վրան կը մտածէր (տարին մէկ անգամ` Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին Քեսապ կ՛այցելէր սրբազան հայրը), թէ ինչո՞ւ այսքան խիստ է սրբազան հայրը, այսօր կը մտածէ, թէ ինչո՞ւ այսքան քիչ են Շահան սրբազանները: Թող ներողամիտ ըլլայ սրբազան հայրը, ես իր անձին գովքը չեմ հիւսեր, այլ իր դրսեւորած ու մարմնաւորած արժէքը կ՛ուզեմ ներկայացնել բոլորիս, որպէսզի աչք ունեցողները տեսնեն:
Երկու շատ կարճառօտ օրինակներ եւս բերեմ մեր քոյր եկեղեցիներու հերո՛ս անձնաւորութիւններէ. առաջինը` երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. (3-րդ) Աղեքսանդրիոյ պապը (Եգիպտոսի պատրիարքը): 1981 թուականին չորս տարիով (2) կը բանտարկուի, այն ժամանակուան Եգիպտոսի նախագահ, Իսրայէլի հետ նոր հաշտուած Անուար Սատաթի հրամանով, երբ ան, ի հեճուկս նախագահին, կը մերժէ այցելել Իսրայէլ:
Կամ` Հալէպ քաղաքի Անտոքիան (յոյն եւ ասորի) առաջնորդները` Պօղոս եւ Գրիգորիոս եպիսկոպոսները, որոնք իրենց առեւանգուած ծխականներուն կեանքերը փրկելու համար վտանգի տակ դրին իրենցը եւ մինչ օրս անհետ կորսուած կը համարուին (ամենայն հաւանականութեամբ` նահատակուած):
Երկու խօսք` պաղեստինեան եւ յորդանանեան իշխանութեանց կեցուածքին մասին:
Պաղեստինի եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի իրավիճակին քաջատեղեակ ըլլալով (վստահ եմ` բոլորս)` կրնամ ըսել, թէ այդպէս չէ, որ անոնց ձեռքերը անբիծ են, պէտք էր պարզապէս ոչ մէկուն առիթ տալ մեր մասին խօսք մ՛իսկ ըսելու, ալ ուր մնաց մեր պատրիարքին ճանաչումին սառեցումը: Արդարութեան սիրոյն պէտք է ըսել, որ պաղեստինցիները Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելեցին` հանդիպելով պետական պաշտօնեաներու եւ Էջմիածինին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Յորդանանցիներուն հետ համատեղ պատուիրակութեամբ մը այցելեց պատրիարքին այս եւ այլ գործարքներու առաջքը առնելու, բայց ինչպէս կը տեսնենք` ի զուր եւ ապարդիւն:
* * *
Դեռ կը փափաքէի խօսիլ Պաղեստինի մէջ թրքական գործօնին եւ ներթափանցումին մասին, մանաւանդ` փափուկ ուժը, որ կը գործադրեն, եւ իրենց համար շահաւէտ արդիւնքներ կը քաղեն: Այստեղ այսքանով կը բաւարարուիմ, ապագային կ՛ընդարձակենք խօսքը այս նիւթին մասին:
* * *
Յոյս Ներշնչող Ծիլեր
Հայաստան եկած օրէս, արդէն տասը տարի պիտի ըլլայ, հիասթափութեան շղթայ մը կ՛ապրիմ մեր ազգի այժմու իրավիճակին պատճառով, եւ այս հիասթափութիւնը հասած է այնպիսի աստիճանի, որ այլեւս յոյսս կորսնցնելու սեմին կանգնած էի, կարծեմ` պատճառներուն մասին խօսելու կարիքը չկայ, բոլորիս ալ ծանօթ է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մեր այսօրուան վիճակը: Անշուշտ յուսահատութեան յանձնուելու շքեղութիւնը չունինք մենք` ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ ապագային: Բայց ինծի յոյս ներշնչեց սաղիմահայ մեր երիտասարդութիւնը: Այստեղ չեմ ուզեր մասնաւոր անձերու մասին խօսիլ, ոչ ալ որոշ տարիքի մը պատկանող անձերու կը վերաբերի խօսքս, յիշեալ երիտասարդներուն մէջ կան ալեւոր «երիտասարդներ» եւ դեռ փոքրիկ, բայց կանուխ մեծցած «երիտասարդներ»: Աչքառու էր Երուսաղէմի հայ երիտասարդութեան կեցուածքը` կապուած այս վերջին դէպքերուն հետ, անոնց մէջ ես տեսայ հասունութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն, կամք` պայքարելու եւ տէր կանգնելու մեր հողին ու պատուին, անոնց մէջ ես գտայ այն յոյսը, որ կը խամրի այլուր: Կեցցէ՛ք, տղաք, ձեր ընթացքին հետեւելով` կրնամ ըսել, որ ձեզմով Երուսաղէմի «Հայկական թաղամաս»-ը ապրելու յոյս ունի, այո՛, այդտեղ, ինչպէս ամէնուր, միայն կրնանք տոկալ, ծաղկիլը դժուար է, բայց միշտ գիտցէ՛ք` միայն ամէնէն ուժեղը կը գոյատեւէ:
Ինչո՞ւ այս յօդուածը
1.- «Հայկական թաղամաս»-ը ամբողջական (հերթականութիւնը` ձախէն աջ, վերէն վար):
2.- Իսրայէլի գաղութաբնակեցման իբրեւ հետեւանք` «Հայկական թաղամաս»-էն զաւթուած տարածքները (1967-2000), որոնք կը կազմէին այդ ժամանակուան «Հայկական թաղամաս»-ին 12-14 տոկոսը:
3.- «Հայկական թաղամասը», եթէ «Հայոց պարտէզ»-ն (կովերուն) ալ կորսնցնենք:
4.- «Հայկական թաղամասը»` ապագայի՞ն:
Սոյն յօդուածիս նպատակը բնաւ ՄԵՐ` Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին քարկոծելը չէ: Սակայն այդ աստիճանին հասցուցին ոմանք, որ այլեւս կարելի չէր լուռ մնալ: Այժմու իրավիճակը նկարագրելու համար մէջբերում մը կատարեմ Ս. Աստուածաշունչէն` Ս. Յովհաննէս առաքեալի Աւետարանէն.
«Ե՛ս եմ բարի հովիւը, բարի հովիւը կ՛ընծայէ իր անձը ոչխարներուն համար: Բայց վարձկանը, որ հովիւ չէ, եւ ոչխարները իր սեփականը չեն, երբ տեսնէ, որ գայլը կու գայ, կը թողու ոչխարները ու կը փախչի, եւ գայլը կը յափշտակէ ոչխարներն ու կը ցրուէ զանոնք»:
Այս յօդուածը կը գրեմ, որ մեր եղբայրները, մեր կալուածներն ու սրբութիւնները նորէն չթողունք գայլերուն ու վարձկաններուն, որ չգայ այն օրը ու նորէն երգենք «Ասէ՛ք լեռներ, խօսէ՛ք լեռներ, առաջ հայոց թաղը մերն էր»:
(Շար. 2 եւ վերջ)
1.- Տիւրզիներու պարագային` ցեղ եւ կրօն:
2.- Մինչեւ Սատաթի սպանութիւնը եւ նոր նախագահ Մուպարաքին հրամանով անոր ազատ արձակումը:
3.- Եգիպտերէնի (ղպտերէն) դասական հնչիւնը` «Շէնութէ», Շնուտան անունին արաբական հնչիւնն է:
Comments are closed.