Օսմանեան Արխիւէն «Անհետացած Են» Ցեղասպանութեան Վերաբերող Փաստաթուղթեր


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ Պատմական ընկերակցութեան պաշտօնեայ մը Հայկական Ցեղասպանութեան մասին փաստաթուղթեր վերցուցած է Օսմանեան արխիւներէն:
«Իթթիհատականի Արկղը» հրատարակած լրագրող Մուրատ Պարտաքճը նշած է, որ տեղի ունեցածը հաւանաբար անձնական նախաձեռնութեամբ եղած է՝ աւելցնելով, որ «ընկերակցութեան նոր ղեկավարութիւնը նոյնիսկ չի գիտեր, թէ փաստաթուղթերը այժմ ո՛ւր են»:
Ըստ Պարտաքճըի՝ կարելի է բացայայտել բոլոր փաստաթուղթերուն վայրը, եթէ լուրջ ջանք տարուի:
Ըստ անոր՝ «անհետացած» են փաստաթուղթեր, որոնց մէջ կային 1915ի հայերու թիւերը, անունները, տեղահանման ու աքսորման վայրերը, աքսորուածներու ունեցուածքին վերաբերեալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն մասին, որոնք «ստանձնեցին» հայերու պատկանող կալուածներն ու ունեցուածքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.