Սահմանամերձ Գիւղերուն 50 Տոկոս Զեղչով Կազ Պիտի Մատակարարուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2015 թուականին Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ պիտի գործէ կազի եւ ելեկտրականութեան 50 տոկոսի զեղչ: Համապատասխան որոշում տրուած է կառավարութեան 18 Դեկտեմբերի նիստին։
Որոշման համաձայն՝ «սահմանամերձ 32 գիւղերի բնակիչները գազի, ելեկտրականութեան եւ ոռոգման ջրի համար մասնակի փոխհատուցում կը ստանան: Այդ գիւղերում տարեկան 360 խմ. գազի սպառման համար վճարի 50 տոկոսը կը սուբսիդաւորուի, այս շեմից աւելի բարձրի դէպքում կը գործի սովորական սակագինը: Ելեկտրականութեան համար նմանատիպ շեմ է սահմանուել տարեկան 1440 կվտ/ժամը»:
Կազին չմիացած գիւղացիներուն պարագային պիտի տրամադրուի կազի փոխարէն ելեկտրականութեան լրացուցիչ օգտագործումը:
50 տոկոսով պիտի հոգան նաեւ ոռոգման ջուրի ծախսը. ներկայիս մէկ խորանարդ մեթրը 11 դրամ կ՛արժէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.