Չինաստան Հայաստանին Պիտի Տրամադրէ 60 Միլիոն Եէն Օգնութիւն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի եւ Չինաստանի կառավարութիւններուն միջեւ նախատեսուած է ստորագրել գիտարուեստական–տնտեսական համագործակցութեան համաձայնագիր: Համաձայնագիրին հաւանութիւն տալու հարցը ներառուած է Հայաստանի կառավարութեան 18 Դեկտեմբերի նիստի օրակարգին վրայ: Հիմնաւորման համաձայն՝ Չինաստանի կառավարութեան կողմէ 1999էն սկսեալ Հայաստանի կառավարութեան իւրաքանչիւր տարի կը տրամադրուի անհատոյց օգնութիւն: Այդ շրջանակներուն մէջ իրականացուող համագործակցութիւնը ընդհանուր առմամբ համահունչ է Հայաստանի ընկերային-տնտեսական զարգացման ծրագիրներուն: «Մինչ այժմ Հայաստանի եւ Չինաստանի կառավարութիւնների միջեւ տեխնիկատնտեսական համագործակցութիւնը յաջող ընթացք է ունեցել. իրականացուել են տարբեր ծրագրեր՝ գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ տրանսպորտի ոլորտում: Վերջին տարիներին Չինաստանի կառավարութեան կողմից տրամադրուող անհատոյց օգնութեան ծաւալներն աճել են: «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ տեխնիկատնտեսական համագործակցութեան մասին» համաձայնագրով նախատեսւում է Չինաստանի կառավարութեան կողմից Հայաստանի կառավարութեանը 60 միլիոն Չինաստանի եէնի (շուրջ 10 միլիոն տոլար) անհատոյց տեխնիկական օգնութեան տրամադրում: Այդ միջոցներով իրականացուող կոնկրետ ծրագրի բովանդակութիւնը լրացուցիչ համաձայնեցուելու է կողմերի միջեւ», նշուած է հիմնաւորման մէջ:
Մեկնելով այս բոլորէն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տուեալ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը նպատակայարմար կը նկատէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.