Մարտակերտի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Վերանորոգուած Հիւանդանոցին
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ղարաբաղ Լայֆ».- 13 Դեկտեմբերին Մարտակերտի մէջ բացումը կատարուեցաւ շրջանային դարմանատուն–հիւանդանոցի հիմնովին նորոգուած շէնքին՝ պետութեան եւ «Ղարաբաղ Տելեկոմ» ընկերութեան համաֆինանսաւորմամբ: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, շրջվարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեան, «Ղարաբաղ Տելեկոմ»ի գործադիր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, «Բէյզ Մեթըլզ»ի ղեկավարութիւնը, առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներ, շրջանի ուժային կառոյցներու, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու ղեկավարներ եւ աշխատողներ, բժիշկներ՝ շրջանի համայնքներէն, քաղաքի հասարակութիւնը:
Հանդիսաւոր ձեռնարկը վարած է վարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի վարիչ Հենրի Մանուկեանը: Շնորհաւորութիւններու խօսքով հանդէս եկած են «Մարտակերտի Ռ. Հ. Բազեանի անուան շրջբուժմիաւորում» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Գագիկ Օհանեան, Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան, «Ղարաբաղ Տելեկոմ»ի գործադիր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը: Այնուհետեւ հիւանդանոցի բացման պատիւը տրուած է նախարար Յարութիւն Քուշկեանին եւ Ռալֆ Եիրիկեանին: Նախագահ Սահակեանի գլխաւորութեամբ ներկաները շրջագայած են հիւանդանոցին մէջ։