Փարիզի Մէջ Կայացած Է Եւրոպայի Մէջ Հայաստանի Դեսպաններու Խորհրդակցութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 6 Դեկտեմբերին Փարիզի մէջ կազմակերպած է եւրոպական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու եւ մնայուն ներկայացուցիչներու աւանդական խորհրդակցութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ լրատուութեան վարչութեան համաձայն՝ խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Յունիսին Երեւանի մէջ կայացած նախարարութեան եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու գործադրութեան։
Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները ներկայացուցած են իրենց հաւատարմագրման երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ ընթացող գործընթացներն ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:
Էդուարդ Նալբանդեան դեսպաններուն հետ քննարկած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական բնագաւառին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, ամփոփած է 2014ին կատարուած աշխատանքները, նախօրէին Պազըլի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի արդիւնքները եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած՝ յաջորդ տարի իրականացուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էին ատրպէյճանական կողմէ սադրիչ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Հայաստանի ու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միացեալ ջանքերը՝ ուղղուած հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:
Խորհրդակցութեան մասնակիցները անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման:
Խորհրդակցութեան մասնակիցները հանգամանալից կերպով քննարկած են արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան ուղղութեամբ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատանքները, գործընկեր երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով իրականացուող քայլերը:
Հանդիպման ընթացքին յատուկ կերպով ընդգծուած է եւրոպական երկիրներուն եւ կառոյցներուն հետ քաղաքական երկխօսութեան առաւել զարգացման կարեւորութիւնը, անդրադարձ կատարուած է դեսպանութիւններու գործունէութեան՝ միջխորհրդարանական կապերու զարգացման, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդլայնման, տեղեկատուական դաշտին մէջ եւ դեսպանընկալ երկիրներու հասարակական կառոյցներու հետ աշխատանքներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.