Հարցազրոյց Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան թեկնածութեան ընտրութեան ներկայացող Նորայր Սէրէնկիւլեանի հետ հետ


Վերջերս Հորիզոն Շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Ահունցիք-Գարթիէվիլ ընտրաշրջանի մէջ Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան թեկնածութեան ընտրութեան ներկայացող Նորայր Սէրէնկիւլեանի հետ։ Նշենք, որ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան տեղական մասնաճիւղը իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Նորայր Սէրէնկիւլեանին։ Ստորեւ որոշ հատուածներ հարցազրոյցէն։

Նշենք նաեւ, որ Ահունցիք-Գարթիէվիլ ընտրաշրջանի մէջ Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան յաղթական թեկնածուն կը մասնակցի 2015-ի Գանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իբրեւ այդ շրջանի Ազատական կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածու։

 

Վահագն Գարագաշեան.- Ցարդ ինչպէ՞ս կ՚ընթանայ ընտրարշաւը։

Նորայր Սէրէնկիւլեան.- Ընտրարշաւին արձագանգը հրաշալի էր։ Մարդիկ ողջունեցին դրական արշաւս, որ հիմնուած է ուղղամտութեան, յարգանքի եւ երկխօսութեան վրայ։ Ոմանք նոյնիսկ զարմացան, որ խոստացած էի լսել, աւելի քան խօսիլ։ Ահունցիք-Գարթիէւիլի բնակիչները շատ ըսելիք ունին, եւ ես ուշադիր կը լսեմ իրենց մտահոգութիւնները։ Ընտրարշաւը առաջացման ընթացքին, պիտի բացայայտեմ կարգ մը մեկնութիւններ եւ ձգտումներ, որոնք անոնք բաժնեցին հետս։ Առայժմ, սակայն, ես պարզապէս կ՚ուզեմ ըսել որ մարդոց ցուցաբերած ջերմութիւնն ու զօրագցութիւնը իսկապէս ներշնչում հանդիսացաւ ինծի համար։

 

Վ.Գ..- Ի՞նչ էր պատճառը, որ դուք որոշեցիք ներկայանալ Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան թեկնածու դառնալու ընտրութեան ։ Ի՞նչ էր ձեր որոշում կայացնելու գործընթացը։

Ն.Ս..Շարք մը պատճառներ կային իմ որոշման ետին, սակայն անոնց բոլորին կեդրոնը ցանկութիւնս է իմ սրտի բոցը, նուիրումը եւ փորձառութեան տարիները դնել իմ ընտրատարածքի, համաքաղաքացիներու, նահանգի եւ Գանատայի ծառայութեան։

Չնայած անոր, որ թեկնածու դառնալու վերջնական որոշումը իմս էր, մինակս չառի զայն։ Խորհրդակցեցայ տիկնոջս եւ աղջկաս հետ, ինչպէս նաեւ մօտիկ բարեկամներուս, համայնքի աւագ ղեկավարներու եւ փորձառու Ազատական կուսակցութեան աւագ անդամներու հետ։ Շատ բախտաւոր կը զգամ, որ ընտանիքիս եւ ընկերներուս զօրակցութիւնն ու խորհրդատուութիւնները ունիմ։

 

Վ.Գ..- Կրնա՞ք յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալ ձեր փորձառութեան մասին։

 Ն.Ս..Երբ կը խօսիմ փորձառութեանս մասին, չեմ ակնարկեր միայն իմ ասպարէզի եւ քաղաքական փորձառութեան։ Փորձառութիւնս շատ աւելի է քան այդ։ Ամուսին մըն եմ, հայր մը, որդի մը, աշխուժ համայնքային աշխատող մը եւ Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան նուիրուած անդամ մը։

Ասպարէզով, ռազմավարութեան եւ մարքէթինկի խորհրդատու եմ, եւ աշխատած եմ միլլիառ-տոլարի ընկերութիւններու հետ, իսկ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին խորհրդատու եմ փոքր եւ միջին ծաւալի ընկերութիւններու։

Փոքր տարիքէս ինծի սորվեցուցած են համայնքին բարօրութեան օժանդակելու կարեւորութիւնը։ Աւելի ուշ, երբ Գոնգորտիա համալսարանը կը յաճախէի, նախագահն էի Հայկական Ուսանողական Միութեան։ Վերջին 21 տարիներուն ընթացքին, ծառայած եմ գաղութիս որպէս Հայ Դատի յանձնախումբերու անդամ։ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ եղած եմ 5 տարի, իսկ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ 2 տարի, ՀՅԴ Կոմիտէի անդամ՝ մէկ տարի եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Շրջանային վարչութեան անդամ վերջին 3 տարիներու ընթացքին։

Գաղութի կեանքին գործօն մասնակցութեան կողքին, 20 տարիներէ ի վեր, աշխատած եմ Ազատական Կուսակցութեան համար, որու սկզբունքներուն խորապէս կը հաւատամ։ Երիտասարդ անդամէ տնօրէնի, քաղաքականութեան պատասխանատուի, Ազատական ընտրատարածքի միութեան նախագահի պաշտօնները վարելով, ես ձեռք բերած եմ քաղաքական եւ կազմակերպչական փորձառութիւնը, որ անհրաժեշտ է ապահովելու Ազատական Կուսակցութեան յաջողութիւնը Ահունցիք-Գարթիէւիլէ ներս։

Մեր ընտրարշաւի կայքէջը ( www.Norair2015.ca ) կամ մեր ընտրարշաւի Դիմատետրի էջը ( www.facebook.com/Norair2015 ) յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պարունակեն ընթերցողներէն անոնց համար, որոնք կը փափաքին աւելի մանրամասնօրէն քննել փորձառութիւնս։ Կրնան նաեւ ուղղակի կապուիլ ընտրարշաւին հետ ե-նամակ ուղարկելով Norair2015@gmail.com հասցէին։

 

Վ.Գ..- Ինչո՞ւ կարեւոր է ձեզի համար դրական արշաւ մը վարել, որ հիմնուած է ուղղամտութեան, յարգանքի եւ երկխօսութեան վրայ։

Ն.Ս..Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, գանատական քաղաքականութիւնը տեսաւ աճ մը բացասական ընտրարշաւներու եւ անկում մը գանատացիներու հետաքրքրութեան քաղաքականութեան հանդէպ։ Քաղաքական կուսակցութեան անդամ մըն եմ եւ ձանձրացած եմ այս բոլորը տեսնեելով։ Ես երբեք չեմ սիրած բացասական քաղաքականութիւնը, որ կ՚արատաւորէ իր դէմ ներկայացող թեկնածուն. Աւելցնեմ, որ բաւական բախտաւոր եղած եմ աշխատելու թեկնածուներու հետ, որոնք երբեք չեն վարած նման քաղաքականութիւն։ Այդ բաժանում կ՚առաջացնէ եւ ոչ միացում, ինչպէս նաեւ քանդում եւ ոչ թէ կառուցում։

Երբ որոշեցի ներկայանալ ընտրութեան, որոշեցի հաւատարիմ մնալ սկզբունքներուս եւ արժէքներուս եւ դրական ընտրարշաւ մը վարել։ Երբ կը ներկայանաս պաշտօնի մը համար ընտրուելու, կը ներկայանաս քու սկզբունքներուդ եւ ծրագիրներուդ համար, եւ հարկ է, որ կանգնիս հաւատացածիդ ետին. միայն ժխտական դիրք որդեգրելը չի բաւեր։ Հետեւաբար ընտրարշաւս հիմնուած է ուղղամտութեան, գործունէութեան եւ իսկական փորձառութեան վրայ։ Ան կը կայանայ լսելու եւ ծառայելու մէջ, ինչպէս նաեւ մարդիկ համախմբելու մէջ եւ իրենց գաղափարները քան թէ պառակտում եւ բացասական կեցուածքներ առաջացնելու։

Կը փափաքիմ, որ ընտանիքս, ընկերներս, համակիրներս եւ Ահունցիք-Գարթիէւիլի բնակիչները հպարտ ըլլան մեր տարած ընտրարշաւով։

 

Վ.Գ..- Հորիզոն Շաբաթաթերթը յայտնաբերած է, որ ձեր նախնիներուն մէջ ուրիշ խորհրդարանի անդամ մը եղած. կարելի է՞ մանրամասնութիւններ տալ այս մասին:

Ն.Ս..- Հարիւր տարիներ առաջ, Օսմանեան խորհրդարանին մէջ կային կարգ մը հայ խորհրդարանականներ: Անոնցմէ մէկը Վարդգէս Սէրէնկիւլեանն էր Կարինէն (Էրզրում), որ իմ հօր կողմէ մեծ-հօրս հօրեղբայրն էր: 24 Ապրիլ 1915-ին, Վարդգէս ձերբակալուեցաւ Գրիգոր Զոհրապի հետ եւ կալանաւորուեցաւ: 3 ամիսներ ետք, Վարդգէս եւ Գրիգոր Զոհրապ սպաննուեցան Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ Տիգրանակերտի մօտ:

 

Վ.Գ..- Ի՞նչ է ձեր ընտրարշաւի իրավիճակը:

Ն.Ս..- Ես կ՚ուզեմ սկսիլ ըսելով որ իրապէս մեծ խմբակ մը ունիմ կամաւորներվու եւ համակիրներու: Երիտասարդ կամ ծեր, փորձառու կամ անփորձառու, մեր կամաւորներու խմբակը ցոյց կու տայ համաշխարհային կարգի նուիրուածութիւն եւ ջանք: Շատ երախտապարտ եմ այս խմբակին, որ անընդհատ կ՚աճի:

Ինչ կը վերաբերի ընտրարշաւի իրավիճակին, ինչպէս որ նախապէս մատնանշեցի, ան կը վայելէ զօրակցութիւն տարբեր ընտրաշրջաններէ: Մենք կ՚ընթանանք դէպի յաջողութիւն, սակայն մենք դեռ ընելիք ունինք եւ տակաւին պէտք ունինք մարդոց որ միանան մեր արշաւին: Որեւէ ընտրութեան նման, ոչինչ կարելի է համարել այժմէն ապահովուած: Տամ ձեզի օրինակ մը. վերջերս ընթացած ընտրութեան մը ընթացքին, ներկայացողներէն մէկը ըսած էր որ 1500 անդամներ արձանագրած է: Այդ միեւնոյն թեկնածուն կորսնցուցած է ընտրութիւնը երկրորդ թեկնածուի մը դիմաց որ 900 անդամներ միայն արձանագրած էր: Կարեւոր դաս մը կարելի է սորվիլ այս բոլորէն, եւ որեւէ պարագային ի սկզբանէ յաղթանակը ձեռք բերուած չհամարել. ահա թէ ինչու անդամագրութիւնը պէտք է շարունակել եւ առաւելագոյն թիւով անդամներ արձանագրել: Նաեւ՝ պէտք է վստահ ըլլանք որ արձանագրուած անդամները քուէարկութեան պիտի ներկայանան ընտրութեան օրը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.