Բռնցքամարտ. Արթուր Աբրահամ` Գերմանիոյ Տարուան Լաւագոյն Բռնցքամարտիկը


1204_Boxing---AprahamՀայազգի բռնցքամարտիկ, աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ, որ իր խաղերուն ընթացքին կը ներկայացնէ Գերմանիան, ճանչցուեցաւ իբրեւ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն բռնցքամարտիկը:

Հայ բռնցքամարտիկը «Պոքսսփորթ» ամսագրին կողմէ կատարուած ընտրութեան, որուն ընթերցողներ եւ դատակազմի անդամներ կը մասնակցին, հաւաքեց 1053 ձայն եւ շահեցաւ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն բռնցքամարտիկի տիտղոսը: Եռեակը ամբողջացուցին Վլատիմիր Կլիչքօ (2-րդ -775 ձայն) եւ Եոհան Փապլօ Հեռնանտեզ (3-րդ – 763 ձայն):

Յիշեցնենք, որ 27 սեպտեմբերին Արթուր Աբրահամ Գերմանիոյ մէջ մրցավարներու որոշումով յաղթեց անգլիացի բռնցքամարտիկ Փոլ Սմիթին եւ իր մօտ պահեց «WBO» գերմիջին կարգի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսն ու գօտին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.