Ֆրանսախօսութեան Գագաթնաժողով՝ ԼՂ Հիմնախնդիրի Խաղաղ Կարգաւորման Մասին. Բացառել Ուժի Կիրառումը


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Տաքարի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 15րդ գագաթնաժողովը ընդունած է Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւը, ուր, Հայաստանի առաջարկով, ամրագրուած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութիւնը՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
«Կոչ կ՛ուղղենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն՝ զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել կարգաւորման խաղաղ գործընթացը, շարունակել բանակցութիւնները Մինսկի խումբի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկներուն հիման վրայ, մասնաւորապէս՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ», ամրագրուած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 15րդ գագաթնաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.