Աքչամ Կոչ Ըրած Է Չհաւասարեցնելու Ցեղասպանն Ու Զոհը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորական Թաներ Աքչամ «Թարաֆ» թերթին մէջ հրապարակած է յօդուած մը, ուր անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած պնդումներուն:
Աքչամ սխալ կը համարէ երկու կողմերը եւ անոնց գործողութիւնները համահաւասարեցնելու նպատակով դասագիրքերուն միջոցաւ տարուած ջանքերը: «Նախ, ի՞նչ է 1915ին «երկու կողմի ազգայնականներու պատասխանատուութեան մասին» թէզի նշանակութիւնը. չեմ կրնար ըսել, որ կը հասկնամ ատիկա: Թրքական ազգայնականութիւնը կը հասկնամ: Ակնյայտ է, որ նկատի կ՛առնուի «Իթթիհատ վէ Թերաքքի» կուսակցութիւնը: Սակայն որո՞նք են հայ ազգայնականները եւ ի՞նչ է անոնց մեղքը: Ի՞նչ ըրած են 1915ին, որ Ցեղասպանութեան համար թուրք ազգայնականներուն չափ մեղաւոր եւ պատասխանատու դարձան: Ի՞նչ պէտք էր չընէին», կը գրէ Աքչամ։