Ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս սկսանք տօնել Դաշնակցութեան Օրը


Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ ընտանիքը, իր երդուեալ ընկերներով թէ համակիր ժողովուրդով, աւանդաբար ամէն տարեվերջի, հանդիսաւորապէս կը տօնէ «Մեր Օրը»։

Հ.Յ.Դ. «Մեր Օրուան» տօնակատարութիւնը ամէնուր կը ստեղծէ առիթը, որպէսզի Դաշնակցութեան կտրած ուղիին պատմական արժեւորումը կատարուի եւ լուսարձակի տակ առնուին, Դաշնակցութեան դիտանկիւնէն, հայ ժողովուրդի ներկան ու գալիքը յուզող ազգային-քաղաքական հիմնական հարցերն ու մարտահրաւէրները։

Միայն անցեալի ոգեկոչումով ու արձանագրուած նուաճումներու մեծարանքով չի սահմանափակուիր «Մեր Օր»ուան տօնակատարութիւնը։ Այլեւ՝ սեփական ժողովուրդին հաշուետուութիւն կատարելու պատասխանատուութեան ոգիով, դաշնակցական իւրաքանչիւր շրջան, մեծ ըլլայ թէ փոքր, կ’անդրադառնայ Դաշնակցութեան այսօրուան դիրքորոշումներուն եւ կատարած աշխատանքներուն՝ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած մերօրեայ հրամայականներուն լոյսին տակ։
Հ.Յ.Դ. պատմութիւնը կը սորվեցնէ, որ մինչեւ 1920ականներու երկրորդ կէսը, հայ իրականութեան մէջ չկար «Հ.Յ.Դ. Օր» կամ «Մեր Օր» տօնելու աւանդութիւն։
Իր հիմնադրութեամբ ծաւալած յեղափոխական բուռն գործունէութեան առաջին տասնամեակներուն, Դաշնակցութիւնը ո՛չ ժամանակը ունէր եւ ոչ ալ անհրաժեշտութիւնը կը զգար իր կտրած ուղիին վրայ արժեւորման ակնարկ նետելու եւ «Մեր Օրը» տօնելու։ Առաւելագոյն պարագային, դաշնակցական մամուլը ամէն տասնամեակի աւարտը կը նշէր՝ պատկերազարդ բացառիկ թիւեր նուիրելով պայքարի ճամբուն վրայ նահատակուած դաշնակցական անուանի դէմքերուն թէ խոնարհ հերոսներուն։
Այդ ժամանակներուն Դաշնակցութիւնը ամբողջապէս կլանուած էր կենդանի պայքարով։ Ինչպէս Ռոստոմ պիտի ըսէր՝ «այնքան տարուեցինք գործով, որ խօսիլն էլ մոռացանք»…
Բայց Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն եւ խորհրդային տիրապետութեան հաստատումէն ետք, մանաւանդ երբ Անկախութեան Սերունդի տարագրութեամբ Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սկսաւ առաւելապէս սփիւռքեան գործունէութեան երկարատեւ շրջանը, շատ բան փոխուեցաւ ինչպէս հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ ընդհանրապէս, նոյնպէս եւ Դաշնակցութեան կեանքէն ներս։
1924ին Փարիզի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 10րդ Ընդհանուր Ժողովը որոշում կայացուց՝ տարուան մէջ օր մը, աշնան, նախընտրաբար Հոկտեմբեր ամսուն, տօնել «Հ.Յ.Դ. Օրը» կամ «Մեր Օրը»՝ այդ առթիւ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած հասոյթը ամբողջապէս յատկացնելով Հ.Յ.Դ. «Վեթերաններու ֆոնտ»ին։
Ժամանակի ընթացքին եւ գաղութէ գաղութ մեր ժողովուրդը սրտանց փարեցաւ «Մեր Օր»ուան տօնակատարութեանց։ Սպասեց եւ խուռներամ շարքերով ընդառաջեց այդ առիթով կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեանց, որոնք սկզբնապէս ակումբներու մէջ կատարուող տօնակատարութիւններէն վերաճեցան քաղաքական ելոյթներու՝ մեծ հանդիսասրահներու մէջ, որոնց մուտքին անպայման կը զետեղուէին «Վեթերաններու ֆոնտ»ին վերապահուած գանձանակ-տուփեր, հանդիսականներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։
1972ի Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր ժողովէն ասդին եւ նոյն այդ ժողովի որոշումով՝ Դաշնակցութիւնը փակեց «Վեթերաններու ֆոնտ»ը։ Կեանքի բնական տերեւաթափով եւ սերնդափոխութեամբ, բայց մանաւանդ սփիւռքեան պայմաններու տակ իր վերակազմաւորումով՝ Դաշնակցութիւնը փակեց կարիքաւոր իր վեթերաններուն նաեւ նիւթապէս տէր կանգնելու բարոյական պարտաւորութեան էջը։ Բայց արդէն աւանդութեան վերածուած «Մեր Օրը» շարունակեց տարին օր մը ի մի բերել շարքային թէ համակիր դաշնակցականները, որոշ գաղութներու պարագային նաեւ հայ քաղաքական միւս հոսանքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքական-պետական դէմքեր, միասնաբար մեծարելու համար Հայկական Ազատամարտի աննկուն դրօշակիրին կտրած ուղին, նաեւ՝ ստանալու համար անոր տարեկան հաշուետուութիւնը։
Իսկ 1990ի 8 Օգոստոսէն սկսեալ, երբ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս բացայայտեց իր կազմակերպական ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ամէն տարեվերջի, հայրենի մեր կազմակերպութիւնը իր հերթին օր մը կþառանձնացնէ Դաշնակցութեան համար, որպէսզի հայոց նորագոյն պատմութեան գաղափարի անխոնջ մարտիկը ներկայանայ հայրենի մեր ժողովուրդին, հաշուետու արժեւորումը կատարէ իր կտրած ուղիին եւ, այդ լոյսին տակ, նորովի բանաձեւէ Հայաստանի ու հայութեան վաղուան հաշւոյն իր ստանձնած առաքելութեան եւ ընելիքին ուղենիշները։
Վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ ծառացած մեծ դժուարութիւնները վերաշխուժացման ու վերանորոգման սուր մարտահրաւէրը ուղղած են Դաշնակցութեան։ Թէ՛ քաղաքական եւ թէ կազմակերպական առումներով՝ Դաշնակցութիւնը իր ներուժը գերագոյն լարումի ենթարկելու, նորօրեայ պայմաններուն համապատասխան պատշաճեցումներ կատարելու եւ ամբողջական զօրաշարժով գործի դաշտ նետուելու հրամայականը կը դիմագրաւէ։ 
Այդ առումով՝ «Մեր Օրը» Դաշնակցութեան աւանդներով ոգեւորուելու առիթը կ’ընձեռէ հաւասարապէս ե՛ւ դաշնակցական ընտանիքին, ե՛ւ Հայ Դատի պայքարին զինուորագրուած պահանջատէր հայութեան։
Հայոց սերունդներու 124 տարուան գերագոյն զոհաբերութեամբ նուաճուած են Դաշնակցութեան աւանդները, որոնց ներշնչումով Դաշնակցութեան երթը նորովի թափով շարունակելու ուխտի վերանորոգման կը ծառայէ «Մեր Օրը»։

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.