Սուրիահայութեան Եւ Ջաւախահայութեան Խնդիրները Ներկայացուեցան ՄԱԿ-ի Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներու Ժողովին
25-26 նոյեմբեր 2014-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն նուիրուած եօթներորդ ժողովը` մասնակցութեամբ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն պատուիրակութիւններուն, միջազգային, ոչ կառավարական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ժողովը քննարկեց փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ կատարուած դաժանութեան ու բռնութեան, յանցագործութիւններու կանխարգիլման եւ անոնց գործադրութեան կասեցման, ինչպէս նաեւ տագնապներէն ետք երկարատեւ խաղաղութիւն եւ համակեցութիւն ստեղծելու ձեւերը: Ժողովի աւարտին ժողովականները յանգեցան համապատասխան որոշումներու եւ թելադրանքներու, որոնք պիտի ներկայացուին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի մարտ 2015-ի նիստին` առ ի վաւերացում:
Ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ իրաւաբան Գէորգ Յակոբճեան, որ միջազգային օրէնքի իր մասնագիտութեան բերումով Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց Գերագոյն հաւատարմատարութեան գրասենեակին կազմակերպած փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն նուիրուած ծրագիրին կը հետեւէր: Ժողովին ընթացքին` «Ընթացող տագնապները կասեցնելու» օրակարգին, սուրիահայութեան խնդիրները ներկայացնելու համար մեթր Յակոբճեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով խօսք առնելով` նախ բացատրեց, թէ սուրիահայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդը, ամէնօրեայ դրութեամբ ենթակայ է զանազան դաժանութեան եւ յանցագործութիւններու, մարդկային իրաւանց օրէնքներու եւ մարդասիրական օրէնքի խախտումներու: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դաժանութիւնները հասան այնպիսի աննախադէպ հանգրուանի մը, որ մինչեւ իսկ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն աճիւնները, որոնք ամփոփուած էին Տէր Զօրի հայոց եկեղեցւոյ մէջ, թիրախ դարձան, երբ ամիսներ առաջ եկեղեցին ականահարուեցաւ»: Իր խօսքի աւարտին Յակոբճեան իրաւական առաջարկներ ներկայացուց` միջազգային օրէնքի, մարդկային իրաւանց օրէնքի եւ մարդասիրական օրէնքի սկզբունքներուն համաձայն տագնապներու ընթացքին փոքրամասնութիւններուն գոյութիւնը երաշխաւորելու, կոչ ուղղեց շրջանային ուժերուն` զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները ֆինանսաւորելէ դադրելու, ինչպէս նաեւ կրօնական ղեկավարներուն ու երիտասարդութեան դերը ամրագրելու, ընթացող տագնապները դադրեցնելու եւ վերջապէս երկխօսութեամբ ու փոխադարձ հասկացողութեամբ գոյութիւն ունեցող հարցերը լուծելու:
Նոյն ժողովի ծիրին մէջ ջաւախահայութեան հարցերը ներկայացնելու համար ելոյթ ունեցաւ Քրիստինէ Մարապեանը, որ «տագնապները կանխարգիլելու ձեւերը» օրակարգին մէջ ներկայացուց Վրաստանի հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ան վրացահայ «Բաց սահմաններ» կազմակերպութեան անունով բացատրեց, թէ Վրաստանի մէջ ջաւախահայութեան նկատմամբ խտրականութիւն կը ցուցաբերուի` իրաւական, քաղաքական ու տնտեսական մակարդակներու վրայ: Ջաւախահայութիւնը դժուարութիւն ունի արդիւնաւէտ կերպով մասնակից դառնալու երկրի հասարակական, մշակութային եւ քաղաքական կեանքերուն: Մարապեան հաստատեց, որ վրացական իշխանութիւնները հայութիւնը ձուլելու քաղաքականութիւն կը վարեն, իսկ վերջին չորս տարիներուն յաճախակի դարձած են դաւանանքի վրայ հիմնուած առճակատումները: Ան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց իրաւական միջոցներու վրայ հիմնուելով փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ խտրականութիւնն ու ատելութեան լեզուն յանցագործութիւն նկատելու, արդար ու հաւասար առիթներ ստեղծելու եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը` ապագային ծագելիք հաւանական տագնապները կանխարգիլելու համար:
Տեղին է նշել նաեւ, թէ ժողովին ընթացքին Սուրիոյ եւ Հայաստանի պատուիրակութիւնները անդրադարձ կատարեցին Քեսապի խնդիրին: Սուրիական պատուիրակութիւնը դատապարտեց Թուրքիոյ անմիջական դերակատարութիւնը` հայութեամբ բնակուած Քեսապէն անցնող մարտին հայութիւնը տեղահանութեան ենթարկելուն մէջ: Նոյն ծիրին մէջ Հայաստանի պատուիրակութիւնը եւ եգիպտական ղպտի կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչը անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան եւ հաստատեցին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայ փոքրամասնութեան նկատմամբ կատարուած մեծագոյն ոճրագործութիւնն է, որուն յանցագործներուն անպատիժ մնալուն պատճառով այլ ցեղասպանութիւններ ալ կրկնուեցան: