2013ին Հայաստանի Մէջ Աղքատութեան Մակարդակը Կը Գերազանցէ 2008ի Մակարդակը


ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».– 2013 թուականին ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը կը գերազանցէ 2008ի մակարդակը: Այս մասին նշուած է 18 Նոյեմբերին Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) ներկայացուցած «Հայաստանի սոցիալական պատկերը եւ աղքատութիւնը» զեկոյցի շնորհահանդէսին: Վիճակագրութիւնը պատրաստուած է Համաշխարհային դրամատան վերլուծական եւ թեքնիք աջակցութեամբ:
Բազմաթիւ աղքատներու մակարդակը բարձրացած է 0.7 տոկոսով, ընդհանուր աղքատութեան մակարդակը՝ 4.4 տոկոսով: «2013 թ. աղքատութեան խորութիւնը գնահատուել է 5.9 տոկոս՝ 2008ի 5.1 տոկոսի դիմաց, իսկ աղքատութեան սրութիւնը՝ 1.7 տոկոս՝ 2008ի 1.4 տոկոսի համեմատ», նշուած է զեկոյցին մէջ:
2008ի հետ բաղդատելով՝ 2013ին մայրաքաղաքին մէջ աղքատութեան աճը եղած է 5.4 տոկոս, Երեւանէն դուրս՝ 3.5 տոկոս: Քաղաք-գիւղ բաշխուածութեան մակարդակով աղքատներուն 63.8 տոկոսը քաղաքաբնակ են:
«Սպառման անհաւասարութիւնը, որը չափւում է æինիի գործակցով (վիճակագրական ցուցանիշ, որը վկայում է տարեկան եկամտի աստիճանը), 2013ին աւելանալով՝ կազմել է 0.271՝ 2008ի 0.242ի համեմատ: Ամբողջական եկամուտների անհաւասարութիւնը, 2013 թուականին աճելով, կազմել է 0.372՝ 2008 թ. 0.339ի համեմատ», նշուած է զեկոյցին մէջ:
Ըստ հարցումներուն՝ 2013 թուականին հարցախոյզին մասնակիցներուն 18 տոկոսը ինքզինք նկատած է աղքատ, ծայրայեղ աղքատ նկատած է 3.3 տոկոսը:
Զեկոյցի ամփոփումը ցոյց տուած է, որ 2008ի հետ բաղդատելով՝ 2013ին աղքատութեան մակարդակին մասին առարկայական գնահատականները աւելի բարձր գնահատուած են 2013ին, 18 տոկոս՝ 2008ի 17 տոկոսի փոխարէն:
Աղքատութեան մակարդակը ճիշդ գնահատելու համար զեկոյցին մէջ որպէս բարեկեցութեան ցուցանիշ օգտագործուած է սպառումը:
Ըստ տնտեսագէտներուն՝ սպառման տրամադրուած ծախսերը աւելի ճշգրիտ տեղեկատուութիւն կը ներկայացնեն բարեկեցութեան մասին, որովհետեւ եկամուտներու բացակայութիւնը երբեք չի փաստեր բարեկեցութեան զերօ մակարդակին մասին, քանի որ տնային տնտեսութիւնները իրենց ապրուստը կը հոգան սեփական արտադրութեան սննդամթերքի սպառման կամ վարկային շուկայէն միջոցներու ներգրաւման եղանակով:
Զեկոյցը հիմնուած է ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ կատարուած տնային տնտեսութիւններու կենսապայմաններուն վերաբերող հետազօտութեան արդիւնքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ օգտագործուած է Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն տրամադրած տեղեկատուութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.