Հ.Յ.Դաշնակցութեան 124-ամեակը փառահեղօրէն նշուեցաւ Թորոնթոյի մէջ


124 տարիներ առաջ, Հայ ժողովուրդի երկունքէն ծնունդ կ’առնէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը, դառնալու իր ժողովուրդի բարօրութեան եւ ազատութեան ռահվիրան, ինչպէս նաեւ Հայրենասիրութեան հնոցը եւ կերտիչը՝ Մայիսեան յաղթանակներու, Փետրուարեան ապստամբութեան ու Արցախեան յաղթանակներու:

 15 նոյեմբեր 2014ին, թորոնթոհայութիւնը, ամէն տարուան նման, հաւաքուեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը, պանծացնելու համար 124 տարիներու անընկճելի կամքն ու հերոսական պատմութիւնը՝ Հ.Յ.Դ. «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, Հ.Յ.Դ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան, եւ Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.ի «Ս. Զաւարեան» Մասնաճիւղի կազմակերպած ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով։

 Սրահը զարդարուած էր ՀՅԴաշնակցութեան դրօշներով, Ֆէտայիներու եւ ազգային գործիչներու նկարներով. իսկ իւրաքանչիւր սեղանի կեդրոնը զետեղուած էր ֆէտայիի մը որմազդը, որ պատրաստութիւնն էր ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Թորոնթոյի «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» Մասնաճիւղերու ընկերներուն:

 Ձեռնարկը ձեռնհասօրէն վարեց Շանթ Նաճարեան, որ բարի գալուստի խօսքէն եւ հակիրճ պատմականի մը ներկայացումէն ետք, ներկաներու փոխանցեց որ «Յարկ է շարունակել Վեհ Գործը. մեր նպատակը տկարութիւն պէտք չէ՛ ճանչնայ մինչեւ ազատ, անկախ ու միացեալ հայաստանի իրականացումը»:

 Ապա սրահ մուտք գործեցին ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններու ընկերները, որոնց յաջորդեց աւագ կուսակցական՝ Սերոբ Վեսոյեանի յուզիչ եւ տպաւորիչ ՀՅԴի ջահով մուտքը սրահ եւ ջահի փոխանցումը պատանի Մհեր Գարաճեանի: Առհաւէտ բաժնուած ֆէտայիներու, գործիչներու, ազատամարտիկներու եւ դաշնակցական ընկերներու յիշատակը յոտնկայս՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելէ ետք, պատանիները ձեռնարկի բացումը կատարեցին «Մեր Հայրենիք» եւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգներու խմբային երգեցողութեամբ:

 Պատանիներու երգեցողութեան յաջորդեց պատանեակնէն Գանատայի Երիտասարդական միութեան շարքերը փոխանցուող երիտասարդներու խոստման արարողութիւնը, որ վարեց ԳԵՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ռազմիկ Չաքմաքեան:

 Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հ.ՅԴ. «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէի անդամ Անի Շարապխանեան, որ վեր առաւ Դաշնակցութեան արժէքը՝ 124 տարիներու իր գործունէութեան ընդմէջէն, ըսելով «Սուրը, բահը, գրիչը կեանք առին դաշնակցական երիտասարդ ղեկավարութեամբ ու մարմնացան մարտական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն մէջ»: Շարապխանեան աւելցուց թէ հայ ժողովուրդը պիտի չկարենար շրջանցել Ցեղասպանութեան արհաւիրքը, ու կազմակերպել իր գաղութները, հիմնել իր ակումբներն ու դպրոցները, շինել իր եկեղեցիները, ամուր պահել իր մշակոյթը, կերտել քաղաքական միտքեր ու երազել Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի մասին` առանց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Մէկ խօսքով 124-ամեայ ՀՅԴ-ն հայոց ժամանակակից պատմութեան հիմնական ու կարեւորագոյն մասնիկն է, այնքան մը, որ սփիւռքեան իրականութիւնը կը նոյնանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զարգացման հոլովոյթին հետ:

 Ապա Շարապխանեան հաստատեց որ այսօր Դաշնակցութեան առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները շատ են` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ: Իսկ Թորոնթոյի պարագային այդ բոլորին կու գայ աւելնալու Հայ Կեդրոնի պահպանում եւ նիւթական օժանդակութիւն: Սակայն «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէն վստահութիւն ունի Թորոնթոհայ գաղութին վրայ ու հպարտ է անով: Թորոնթոհայութեան ուղղուած շնորհակալական ու երախտագիտական իր խօսքէն ետք, Շարապխանեան եզրափակեց ըսելով «Վստահ ենք, որ 124 տարիներ ետք դարձեալ խիզախ դաշնակցականներ,՛ Համակիր թէ Շարքային, պիտի վերցնեն նետուած ձեռնոցը ու իւրաքանչիւր դաշնակցական պիտի սուրայ ճակատամարտ ու պիտի պոռայ «ես Դաշնակցակա՛ն եմ»:

 Կոմիտէի խօսքէն ետք, Նաճարեան հրաւիրեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Նորայր Պէրպէրեանը, «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի Հերթապահ՝ Վարանդ Պարսամեանը, «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան փոխ-ատենապետ՝ Ալէք Օհանեանը, եւ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի ատենապետ՝ Զանի Բորբոսեանը, ինչպէս նաեւ Սերոբ Վեսոյեանը եւ կրտսեր պատանի Լարա Տէմիրճեանը, որպէսզի հատեն 124 ամեակի կարկանդակը, որմէ ետք հրաւիրեց ներկաները մոմավառութեան:

 Պաշտօնական բաժինի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Էլի Պէպէրեան, որ ազգային ու յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ մինչեւ ուշ ժամեր:

 Յաջորդ օրը, Նոյեմբեր 16ին, Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութենէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներու հոգիներուն յիշատակին։

 Խաժակ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.