Եուրօ-2016. Հայաստան 2014 Տարին Աւարտեց Վերջին Դիրքին Վրայ
Երէկ գիշեր Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Փորթուգալի, նուազագոյն հաշիւով պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն` Փորթուգալէն (1-0):
Հայրենի կազմը յաջողեցաւ դիմանալ մինչեւ 72-րդ վայրկեանը, երբ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց իր կազմին` Փորթուգալի եւ մրցումին միակ կոլը:
Հայրենի բերդապահը` Ռոման Պերեզովսքի, թէեւ ետ մղեց դէպի իր կողմը ուղղուող գնդակը, սակայն յետսապահները չկրցան հեռացնել գնդակը: Վրայ հասաւ Ռոնալտօ, որ նշանակեց մրցումին առաջին եւ վերջին կոլը` այսպիսով իր կազմին ապահովելով մրցաշարքի երկրորդ յաղթանակը:
Սակայն Դանիա ինք գրաւեց Թ. խմբակին պարագլուխի դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սերպիոյ (վերջինիս դաշտին վրայ):
Այսպիսով, մարզիչ Պեռնար Շալանտի կազմը` Հայաստան, 2014 տարին աւարտեց վերջին դիրքին վրայ` երեք մրցումէ ապահովելով միայն մէկ կէտ: Նշենք, որ Հայաստան ցարդ կրած է երկու պարտութիւն եւ արձանագրած հաւասարութիւն մը: