Վաչէ Ծատուրեան Ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Հեծելարշաւի Նոր Կազմուած Ֆետերասիոնի Անդամ
Մասնակցութեամբ 25 ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոններուն, Քազապլանքայի մէջ (Մարոք) կազմուեցաւ ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի նոր ֆետերասիոնը:
Այս նոր ֆետերասիոնին նպատակն է ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոններուն միջեւ տեղի ունեցած գործակցութիւնը աւելի ամրապնդել, միեւնոյն ժամանակ ալ անոնց միջեւ կազմակերպել տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններ եւ մրցաշարքեր` հեծելարշաւի այս մարզաձեւին կիրարկումը աւելի ընդլայնելու համար:
Նոր ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուեցաւ մարոքցի Մոհամետ Պալմահի, իսկ փոխնախագահներ` ֆրանսացի Տաւիտ Լապարթիան եւ եգիպտացի Ուաժիհ Ազզամ: Ատկէ բացի, վերջին երկուքը ընտրուեցան նաեւ պատուոյ նախագահներ` այս կազմուած նոր ֆետերասիոնին հիմնադրութեան մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած ըլլալնուն համար:
13 անձերէ կազմուած նոր ֆետերասիոնին մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:
Նոր ֆետերասիոնը պիտի պաշտօնավարէ յաջորդող չորս տարիներուն:
Նշենք, որ անիկա իր առաջին նիստը պիտի գումարէ փետրուար 2015-ին, Փարիզի մէջ (Ֆրանսա):