Կռփամարտ. Քենթիքեան Իր Յաղթանակը Նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին
WBA-ի վարկածով թեթեւ կարգի անուանակարգի աշխարհի ախոյեան Սիւզի Քենթիքեան ճափոնցի Նաոքօ Ֆուցիոքիի դէմ իր կատարած մենամարտին, պաշտպանեց իր տիտղոսը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Բոլոր ռաունտերուն աւարտէն ետք իրաւարարները միաձայնութեամբ յաղթանակը շնորհեցին «Մարդասպան թագուհի»-ին` Քենթիքեանին: Ան իր յաղթանակը կերտեց 97-93, 97-94 եւ 96-94 արդիւնքով:
Այսպիսով, Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Քենթիքեան իր արհեստավարժ ասպարէզին 34-րդ յաղթանակը արձանագրեց:
39 տարեկան ճափոնցին նախապէս չէր պարտուած եւ WBA-ի վարկածով գերթեթեւ կարգի աշխարհի ախոյեան էր:
Նշենք, որ Քենթիքեանի դէմ մրցելու համար ան աւելի ծանր կարգ տեղափոխուած էր, հետեւաբար ճափոնցին ախոյեանական իր տիտղոսը չկորսնցուց:
Նշենք, որ այս մենամարտէն ետք Սիւզի Քենթիքեան յայտնեց, որ իր այս յաղթանակը կը նուիրէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: