Նոյեմբեր 5ը Հայաստանի Հետախուզական Զօրքերու Օրն Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի զինուած ուժերու հետախուզական ստորաբաժինի կազմաւորումը սկսած է Սեպտեմբեր 1991ին՝ Հայաստանի անկախութենէն ետք։ 5 Նոյեմբեր 1992ին կազմաւորումը աւարտած է, ուստի այս թուականը դարձած է Հայաստանի հետախուզական զօրքերու օր: Յատուկ հետախուզական զօրքերու բազմաթիւ առաջադրանքներու կարգին է հակառակորդին վերաբերեալ տեղեկութիւններ հայթայթելը, հակառակորդին կարեւոր սարքերը ոչնչացնելը կամ գործածութենէ դադրեցնելը, հակառակորդը դիմադրելու ատեն թիկունքային օգնութիւն ցուցաբերելը, հակառակորդին կողմէ զանգուածային ոչնչացման զէնքի օգտագործման նախանշանները բացայայտելը: Հայաստանի ղեկավարութիւնը, բարձր հրամանատարութիւնը եւ հետախոյզները բարձր կը գնահատեն հետախուզական զօրքերու պատրաստուածութեան մակարդակը, որ մնայուն կերպով կը կատարելագործուի: Ռազմական մասնագէտներուն համաձայն՝ հետախուզական զօրքերը Հայաստանի զինուած ուժերու պատմականօրէն կարեւորագոյն բաղադրիչներէն եղած են: Այս զօրքերը կը տարբերին մարտական եւ ֆիզիքական պատրաստուածութեամբ, բարձր արհեստավարժութեամբ եւ հայրենասիրական ոգիով, բարդ պայմաններու մէջ արագ որոշում կայացնելու ունակութեամբ: Տուեալ ստորաբաժանումները միշտ կը համալրուին համակարգային նոր միջոցներով եւ սպառազինութեան միաւորներով:
Հետախուզական զօրքերու օրը սովորաբար կը կատարուի պարգեւատրման արարողութիւն: Կ՛արժեւորուին երկրի բոլոր հետախոյզները, ինչպէս նաեւ հետախուզական զօրքերու բոլոր վեթերանները: Նշանաւոր հայ ամէնէն հետախոյզներէն է Խոր-հրդային Հայաստանի ՊԱԿի արտաքին հետախուզական ծառայութեան հետախոյզ, ԽՍՀՄ հերոս Գէորգ Անդրէյի Վարդանեանը: Ան մաս կը կազմէ աշխարհի մեծագոյն հարիւր հետախոյզներու ցանկին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.