Իրանի Նախագահին Կողմէ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ՝ Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին


Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի անձնական խորհրդական եւ փոքրամասնութիւններու ընդհանուր պատասխանատու՝ Եունիսի, պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յանուն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռուհանիի:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազանները, խորհրդարանի հայ, հրեայ, ասորի ու զրադաշտական համայնքներու պատգամաւորները, կրօնական փոքրամասնութիւններու հոգեւոր պետերը, հանրապետութեան նախագահի անձնակազմի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները: Խօսք առնելով Եունիսին, յանուն Իրանի Հանրապետութեան նախագահին ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը, յայտնելով որ սոյն ճաշկերոյթը կը տրուի ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին Իրանի նախագահին կողմէ: Եունիսին Նորին Սրբութիւնը նկատեց Իրանի սերտ բարեկամներէն մէկը եւ յիշեց երկար տարիներու երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ: Ապա, խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր կարգին շեշտեց երկխօսութենէն անդին գործակցութիւնը շարունակելու հրամայականը՝ իսլամութեան ու քրիստոնէութեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ իրանեան ժողովուրդներուն միջեւ:

Պաշտօնական խօսքերէն յետոյ, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հոգեւոր պետերէն ու պատգամաւորներէն ոմանք: Խօսք առաւ նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, որ կարեւորութեամբ շեշտեց երկխօսութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս ներկայ աշխարհի տագնապներու լոյսին տակ: Ան նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց այն բոլոր կարելիութիւններուն, որոնք կը վայելէ Իրանի հայութիւնը, հակառակ տակաւին գոյութիւն ունեցող կարգ մը դժուարութիւններուն:

Խօսքերու փոխանակումին յաջորդեց ճաշկերոյթը: Վեհափառ Հայրապետը առիթը ունեցաւ Եունիսիին հետ առանձին մտերիմ զրոյցի ընթացքին, իր ուշադրութեան յանձելու Իրանի հայութեան առնչուած կարգ մը մտահոգութիւններ, որոնք լուծման կը կարօտին: Փոքրամասնութիւններու պատասխանատուն խոստացաւ Նորին Սրբութեան հարկ եղած լուծումները կատարել:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.