Մինչեւ 2016 Արցախի Տարածքը Ամբողջութեամբ Պիտի Ականազերծուի


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակուի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) պատերազմէն մնացած ականներու վնասազերծման ծրագիրը:
2000 թուականէն մինչեւ օրս ականազերծման աշխատանքներ կատարուած են 251 հողատարածքի մէջ. իբրեւ արդիւնք 27,000 հեկտար տարածք պիտանի դարձած է գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար։ Այս մասին կը յայտնէ «Առաւօտ» գործակալութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Քարէն Հիլիարտը՝ նշելով, որ այդ մասին խօսած է «Ղարաբաղ. Խաղաղ Կեանք Պատերազմի Ուրուականների Կողքին» ժապաւէնին մէջ:
«Զինադադարի յաջորդած առաջին տարիներուն ականներու պայթումներուն պատճառով կը զոհուէր տարեկան 35-40 հոգի, 95 թուականէն արձանագրուած է մահ պատճառող 345 դէպք, որոնց 1/3ը երեխաներ են: Այժմ տարեկան դրութեամբ ընդամէնը 5 դէպք արձանագրուած է, ինչ որ մեզի համար նոյնպէս մեծ թիւ է: Այս ծրագիրէն կ՛օգտուի 125,000 մարդ: Ներկայ դրութեամբ, ըստ գնահատումներուն, չմաքրուած կը մնայ ընդհանուր ականապատուած տարածքներուն միայն 5 տոկոսը: Ասոնք լեռնային կամ անտառապատ տարածքներն են, որոնց մաքրումը մեծ ջանքեր կը պահանջէ, սակայն, կը կարծեմ, թէ մեր գործընկեր «Հալօ Թրասթ»ի տրամադրած 5 միլիոն տոլար դրամաշնորհի ծիրին մէջ 2016 թուականի դրութեամբ ամբողջ տարածքը ամբողջովին զերծ պիտի ըլլայ ականներէն», յայտարարած է Հիլիարտը:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի տարիներուն տարածաշրջանի զգալի տարածքներ ականապատուեցան: Ընդհանուր առմամբ ականապատ տարածքներու մակերեսը կը կազմէ 50 քառ.կմ.: Պատերազմական տարիներուն լայնօրէն օգտագործուած են հակահրասայլային ականներ, որոնք տեղադրուած են նաեւ ճամբաներուն վրայ ու անոնց եզրին՝ ինքնաշարժներու ոչնչացման նպատակով: Չպայթած ականները բազում զոհերու, վիրաւորներու ու աւերածութիւններու պատճառ դարձած են նաեւ պատերազմէն ետք։ Ականապատուած էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բերքատու տարածքներէն շատեր, եւ իբրեւ հետեւանք՝ բնակչութիւնը չէր կրնար գիւղատնտեսութեամբ զբաղիլ: Ականներու պայթումներուն պատճառով շատ անգամ երկրագործական սարքեր վնասուած են։
«Հալօ Թրասթ»ը Ղարաբաղի մէջ վնասազերծած է շուրջ 67,000 ական:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.