Թրքական Եւ Եւրոպական Մամուլին Արձագանգը` Մխիթարեանի Խաղին Մասին
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, նախանցեալ օր Կալաթասարայի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին ինքզինք լաւ դրսեւորեց եւ օժանդակեց իր կազմին, որ 4-0 արդիւնքով ջախջախէ Կալաթասարայը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ ներկայացուց թրքական եւ եւրոպական մամուլին արձանգանգը` հայ ֆութպոլիստին մասին:
Ահմետ Չաքար, «Պայազ Թի. Վի.» (Թուրքիա).- «Ես այսօր տեսայ հայը եւ հասկցայ, որ կը սիրեմ հայերը: Ինծի համար Մխիթարեանը աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկն է»:
Ruhrnachrichten.de (Գերմանիա).- «Մխիթարեանի օգնութեամբ կազմակերպուեցան երկու յարձակումներ, որոնք աւարտեցան կոլով: Քէօլնի դէմ տեղի ունեցած թոյլ մրցումէն ետք, ան ինքզինք փլէյմէյքըրի դիրքին վրայ լաւապէս դրսեւորեց եւ միշտ վտանգաւոր էր»:
«Սփոքս» (Գերմանիա).- «Մխիթարեան լաւագոյնն էր Պորուսիայի կազմէն: Ան եկաւ ապացուցելու, որ կրնայ հիանալի կերպով մրցումը պաշտպանողականէն տեղափոխել յարձակման գիծ եւ հակառակը»:
Goal.com (Անգլիա).- «Մխիթարեան շատ ուժական էր եւ քանի մը անգամ վտանգաւոր պահեր ստեղծեց: Մասնակցեցաւ իր խումբին նշանակած առաջին երկու կոլերուն ստեղծման: Անոր գնահատականը 3,5 է` 4-ի վրայ»:
«ՈՒԱԶ» (Գերմանիա).- «Տորթմունտի Պորուսիան Պոլսոյ մէջ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր դէմքը` 4-0 արդիւնքով ջախջախելով Կալաթասարայը: Յատկապէս ատիկա կը վերաբերի Հենրիխ Մխիթարեանին, որ ստեղծեց առաջին երկու կոլերը` ցուցադրելով զօրաւոր ներկայացում մը»: