Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Շանթ Սարգսեան` Ցարդ Անսխալական
1245
0
Պաթումի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի մասնակիցներէն Շանթ Սարգսեան ցարդ արձանագրած է լաւագոյն արդիւնքը:
12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ան իր կատարած բոլոր մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտելով կը մնայ անսխալական` ապահովելով առաւելագոյն 4 կէտը:
Հայաստանէն 3,5-ական կէտ ապահոված են Կարէն Յովհաննիսեան (18 տարեկանէն վար), Մամիկոն Ղարիպեան (10 տարեկանէն վար), Սիրանուշ Ղուկասեան (16 տարեկանէն վար) եւ Մարիամ Մկրտչեան (10 տարեկանէն վար):
Ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 28 հոկտեմբերին: