«Ռատիքալ»ի Թղթակիցը Հայութեան Հատուցում Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ, Օրհան Քեմալ Ճենկիզ Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին, յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին եւ գրած, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ ոչ մէկ միջազգային հաստատութիւն կրնայ հատուցում պարտադրել Թուրքիոյ, Անգարա պէտք է հայերէն պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ ու միջոցներ փնտռէ հայերուն վնասուց հատուցում վճարելու համար։

Երկուշաբթի օրուան յօդուածին մէջ ան գրած էր, թէ Թուրքիա յամառօրէն կը շարունակէր կիրարկել քաղաքականութիւն մը, որ յաջողելու որեւէ հաւանականութիւն չունի՝ ակնարկելով Ցեղասպանութեան ուրացման: «Թուրքիա միմիայն ուրանալով կը կարծէ, որ այս խնդիրը օր մը պիտի փակուի, թէ միջազգային հանրային կարծիքը եւ հայերը այս նիւթը պիտի մոռնան եւ օր մը հանգիստ շունչ պիտի առնենք», կը նշէ ան՝ քննադատելով Անգարայի այս կարճատես քաղաքականութիւնը եւ «Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսողներուն սպառնալիքներ ընելու սովորամոլութիւնը»:

Նշելով, թէ ցարդ աւելի քան 20 երկիրներ ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ան կր յայտնէ, թէ այն երկիրները, որոնք ցարդ չեն ճանչցած զայն, չեն ճանչցած ո՛չ թէ անոր համար որ չեն հաւատար, այլ կը խորհին, որ այդ արարքը իրենց շահերուն դէմ է։

«Իրականութեան մէջ Թուրքիա հարցերը չտեսնել կը ձեւացնէ եւ ասկէ ծանր վնաս կը կրէ։ Եթէ կ՛ուզէք Թուրքիան Եւրոպայէն վտարել, ապա կը բաւէ, որ այս խաղաքարտը գործածէք անոր դէմ, եւ Թուրքիա այն ատեն իր հակազդեցութեամբ ցոյց պիտի տայ, թէ ինք եւրոպացի չէ։ Հայկական թապուն իրականութեան մէջ միշտ պատճառ կը դառնայ, որ ոմանք հարցապնդումի ենթարկեն թրքական ինքնութիւնը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնարկութեան պատմութիւնը», կը գրէ Ճենկիզ՝ յիշեցնելով, որ «ցեղասպանութիւն» բառը ստեղծուած է իբրեւ օրինակ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու Հրէական Ողջակիզումը։

«Աշխարհի մէջ 1915ին Թուրքիոյ մէջ պատահածներուն մասին որեւէ տարակարծութիւն չկայ։ Բանավէճի միակ նիւթը այն է, թէ այսօրուան Թուրքիան որքանո՞վ պատասխանատու է 1915ի պատահած այդ դէպքերուն», կ՛եզրափակէ ան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.