«Պետրոսեանի 300 Գրոհները» Խորագիրով Նոր Գիրք
- (0)

Գիրքին հիմնական նպատակն է ընթերցողներուն ներկայացնել ճատրակի արքային ստեղծագործութեան ամէնէն տպաւորիչ կողմերն ու տաղանդը: Ժամանակագրական կարգով ընտրուած են Պետրոսեանի 300 գեղեցիկ գրոհները եւ զոհաբերութիւնները:
Գիրքին մէջ զետեղուած են տասնեակ մը տարիներու ընթացքին Տիգրան Պետրոսեանի հաւաքական բազմաթիւ լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնեն անոր կեանքը, մանկութենէն մինչեւ վերջին օրերը:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Պետրոսեանի բոլոր ելոյթներուն մանրամասն վիճակագրութիւնը:
Անիկա լոյս տեսած է «Էլիթ Կրուփ» ընկերութեան (գլխաւոր տնօրէն` Արմէն Մկոյեան) աջակցութեամբ: