Քրիստափոր Միքայէլեան – Հայու յեղափոխական յանդգնութեան ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դարբինը – ԾՆՆԴԵԱՆ 155-ԱՄԵԱԿ
Ժամանակը որքան թաւալի, այնքան կը պայծառանայ դէմքը Հայկական Յեղափոխութեան անզուգական առաջնորդին՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի, որուն ծննդեան 155րդ տարեդարձը կը նշենք Հոկտեմբեր 18ի օրը։
Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնն ու կեդրոնական դէմքն էր Քրիստափոր, որ մեր ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ անկրկնելի բարձունք մը նուաճեց իբրեւ հայու յեղափոխական յանդգնութեան ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դարբինը։
Կամքեր կռանելու եւ հզօրացնելու բնատուր տաղանդով էր օժտուած Քրիստափոր ու կրցաւ հայոց ցիրուցան եւ եսակեդրոն կամքերէն հաւաքական ու կազմակերպ ուժ ստեղծել՝ բոլորը միաձուլելով անսակարկ զոհաբերութեան ոգիով եւ երկաթեայ կարգապահութեան ուխտով։
Հայ ժողովուրդի կեցութեան ընդհանուր բարեշրջման եւ Հայաստանի ազատագրութեան մեծ դատին աննկուն դրօշակիրը եղաւ Քրիստափոր, որ իր անձին օրինակով, անյողդողդ կամքով եւ արութեան գործերով գաղափարական ու քաղաքական անվեհեր եւ երկարաշունչ պայքար շղթայազերծեց՝ ի հարկին յարատեւ կռիւ մղելու ուղին հարթելով հայութեան նորահաս սերունդներուն առջեւ։
Քրիստափոր եղաւ, մանաւա՛նդ, մարմնաւորումը անհաւասար ուժերով կռուի դաշտերէն յաղթական դուրս գալու մեր ազգային հաստատակամութեան՝ դարերով գերութեան, անձնատուութեան եւ մեղկութեան համակերպած հայ մարդոցմէ կերտելով նոր ժամանակներու ՀԱՅը, անոր մէջ ամրապնդելով յանուն ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը։
Մէկ խօսքով՝ Դաշնակցութիւնը առաւելագոյն խտութեամբ անձնաւորող առաջնորդը եղաւ Քրիստափոր, որ իր գաղափարական-քաղաքական ժառանգութեամբ եւ բարոյական-կազմակերպական կերպարով՝ կը շարունակէ ներշնչման աղբիւր եւ լուսատու փարոս մնալ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին ուխտաւորներուն համար։
Պատմական Հայաստանի Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս մեծ գիւղի ծնունդ էր Հայկական Յեղափոխութեան առաքեալը։ Մանուկ տարիքէն կեանքի պայքարը սկսաւ Քրիստափորի համար. 4 տարեկան էր, երբ մայրը կորսնցուց, իսկ 10 տարեկանին՝ հայրը։ Նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի դպրոցին մէջ եւ փայլուն արդիւնքով աւարտեց զայն։ Հոգաբարձութիւնը, տեսնելով եւ գնահատելով որբ աշակերտին ուսումնատենչութիւնը, յանձն առաւ հոգալ Քրիստափորի հետագայ ուսման ծախսերը՝ պայմանաւ, որ ան յանձն առնէ վերադառնալ գիւղ եւ ստանձնել ծննդավայրի դպրոցին մէջ ուսուցչական պաշտօն։
Այդպէ՛ս, 1874ին, Քրիստափոր անցաւ Թիֆլիս, ուր երկու տարուան նախապատրաստական պարապմունքէ ետք՝ ընդունուեցաւ Ուսուցչական Ճեմարանը, որուն քառամեայ ուսման շրջանը աւարտեց 1880ին առաջին կարգի մրցանակով։
Ճեմարանի տարիները բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան երիտասարդական տարիքը թեւակոխող Քրիստափորի համար։ Ռուսական «Նարոդնայա Վոլիա» (Ժողովրդային Կամք) յեղափոխական կազմակերպութեան վերելքի ժամանակաշրջանն էր եւ կովկասահայ երիտասարդութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ փարած էր անոր տարածած ընկերվարական գաղափարներուն։ Համառուսական այդ շարժման անմիջապէս միացաւ նաեւ Քրիստափոր՝ ռուս յեղափոխականներու հետ սերտ կապեր հաստատելով եւ հետագայ տարիներուն այդ կապերը ամրապնդելով։
Ճեմարանը աւարտելով՝ Քրիստափոր վերադարձաւ իր ծննդավայր գիւղը եւ երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ։ Ուսուցչական այդ տարիները Քրիստափորի մէջ արմատաւորեցին յեղափոխական ու ընկերվարական խոր համոզումներու տէր գործիչը։ Տեսաւ ցարական բռնատիրութեան գործած աւերը ընդհանրապէս գիւղական աշխարհին եւ յատկապէս հայ գիւղացիութեան մէջ։ Ծառացաւ այն անարդարութեանց եւ անիրաւութեանց դէմ, որոնց կ’ենթարկուէր հայ ժողովուրդը ցարական պաշտօնէութեան կողմէ պարզապէս անոր համար, որ հայ էր…
Ամառնային իր արձակուրդները Թիֆլիս անցընելով, Քրիստափոր մօտէն շփում հաստատեց հայ իրականութեան մէջ երեւան եկած ազգային-ազատագրական շարժման խմորումներուն հետ՝ յատկապէս Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած «Մշակ»ին շուրջ խմբուած մտաւորականութեան ծանօթանալով։ Այդ շրջանին է, որ Քրիստափորի մէջ սկսաւ ձեւաւորուիլ ազգային հողի վրայ յեղափոխական շարժում առաջացնելու գաղափարը։ Եւ երբ 1885ին ցարական կառավարութիւնը որոշեց փակել 400 հայ դպրոցներ՝ անոնց 20.000 աշակերտութիւնը եւ 3000 ուսուցիչները փողոց ձգելով, Քրիստափոր իր ընկերներով ձեռնարկեց ժողովուրդին մէջ թռուցիկներ բաժնելու եւ բողոքի ալիք բարձրացնելու շարժումին։ Բայց դեռ հասունցած չէր հայութիւնը եւ Քրիստափոր չգտաւ այն արձագանգը, որ 1903ին պիտի առաջանար հայոց եկեղեցապատկան կալւածներու բռնագրաւման դէմ Դաշնակցութեան ծաւալած բողոքի շարժումին շուրջ։
1885ի վերջերուն, մեծանուն վիպասան Րաֆիի բարեխօսութեամբ Մոսկուայի մեծահարուստ Մելքոն Գասպարիչ Փանեանցէն նիւթական աջակցութիւն գտնելով՝ Քրիստափոր մեկնեցաւ Մոսկուա, որպէսզի բարձրագոյն ուսման հետեւի։ Բայց մէկ կողմէ նիւթական դժուարութիւնները, իսկ միւս կողմէ հայ երիտասարդութեան մօտ յեղափոխական տրամադրութեանց բորբոքումը մղեցին Քրիստափորը, որ երկու տարի ետք, կիսատ ձգելով համալսարանական ուսումը, վերադառնայ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նետուի յեղափոխական պայքարի ասպարէզ։
Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց տակաւին մեծ էր թիւը այն խմբակներուն, որոնք Կարինէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Մոսկուա յեղափոխական բուռն խմորումներու մէջ էին, բայց միաւորուած չէին եւ ցիրուցան վիճակ մը կը պարզէին։ Քրիստափոր ձեռնարկեց ե՛ւ նորաստեղծ զոյգ կուսակցութիւնները, ե՛ւ անջատաբար պայքարի լծուած խմբակները իրարու մօտ բերելու եւ միացնելու աշխատանքին։ Թէեւ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Ռուբէն Խանազատ համաձայնութիւն յայտնեց դաշնակցութեան մը մէջ բոլոր յեղափոխականները ի մի բերելու գաղափարին, բայց հնչակեան կեդրոնը հետագային մերժեց միանալ եւ այդպէ՛ս, 1890ի ամրան, Քրիստափորի եւ Զաւարեանի նախաձեռնութեամբ ու Ռուսաստան աքսորի մէջ գտնուող Ռոստոմի աջակցութեամբ, ծնունդ առաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը։
Նորաստեղծ Դաշնակցութեան կազմութեան եւ գաղափարական տարբեր աշխարհայեացքի տէր հայ յեղափոխականներու միաւորման գործին մէջ առանցքային եղաւ Քրիստափորի անձնական ներ-դրումը։ Յատկապէս իր նկարագրով՝ Քրիստափոր յաջողեցաւ ստեղծել գաղափարական, կազմակերպական եւ գործնական այն ընդհանուր աւազանը, ուր իրարու կապուեցան անխտիր բոլորը՝ երկու տարի ետք, 1892ին, դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր Ժողովին, պաշտօնապէս վերածուելու համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Այնուհետեւ սկսաւ նորաստեղծ կուսակցութիւնը գաղափարական եւ կազմակերպական, քաղաքական եւ մարտական ինքնահաստատման հունի մէջ մտցնելու դժուարին աշխատանքը։ Զաւարեանի եւ Ռոստոմի հետ գործակցաբար, Քրիստափոր ամուր հիմերու վրայ դրաւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը, որուն էջերուն լոյս տեսան Դաշնակցութեան Ծրագիրն ու քաղաքական առաջադրանքները հիմնաւորող Քրիստափորի առաջնորդող յօդուածները։ Քրիստափոր նաեւ հաստատուեցաւ Ժընեւ՝ «Դրօշակ»ի կողքին արտասահմանեան քարոզչութիւնը կազմակերպելու, «Փրօ Արմենիա»ն հիմնելու եւ Երկրի մէջ ծաւալած կենդանի պայքարին ի սպաս Եւրոպայի տարածքին հայանպաստ շարժում առաջացնելու համար։
Արդէն իր ուղին գտած եւ գործունէութեան դաշտը մեծապէս ընդլայնած Դաշնակցութեան առջեւ նոր մարտահրաւէրներ դրուեցան 1890ականներու վերջերուն։ Յեղափոխական բուռն կռիւը զէնքի եւ զինամթերքի յարաճուն աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը շեշտած էր, իսկ հայ պահպանողականութիւնը՝ յեղափոխականներու անյաջողութիւնը պատրուակ գործածելով, ընդհանրապէս վարկաբեկել կը փորձէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը։ Քրիստափոր վերադարձաւ Կովկաս եւ ձեռնարկեց «Փոթորիկ»ին, որ հայ ունեւոր խաւը դրաւ յեղափոխական գործին նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու պարտաւորութեան տակ, ի հարկին ծանրագոյն պատիժի ենթարկելով Ժամհարեանի օրինակով այն մեծահարուստները, որոնք ցարական իշխանութեանց հովանաւորութիւնը խնդրեցին ընդդէմ հայ յեղափոխականներուն։
Վրայ հասան պատմական տարողութեամբ մեծակշիռ զարգացումներ. հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագիրն ու անոր դէմ ծաւալած համաժողովրդական ըմբոստացումը. Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնն ու համիտեան նոր ջարդեր։ Քրիստափոր իր տարերքին մէջ էր՝ բոլոր ճակատներուն վրայ յեղափոխական կռուի վճռականութեան թափ տալով, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելով, Եւրոպայի տարածքին ի նպաստ հայութեան ազդու շարժում առաջացնելով։
Ահա այդ մթնոլորտին մէջ, Քրիստափոր Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուց Կարմիր սուլթանը ահաբեկելու ծրագիրը, ստացաւ Դաշնակցութեան Կամքը ներկայացնող ժողովին համաձայնութիւնը եւ անձամբ լծուեցաւ ծրագրի գործադրութեան։
Բայց ճակատագիրը ուրիշ եւ դառնագոյն վախճան վերապահած էր Հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի ռահվիրային։ Վիտոշ լերան լանջին, Պուլկարիոյ մէջ, Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ ռումբի փորձարկման պահուն, Մեծ Յեղափոխականը իր ընկերոջ հետ զոհ գնաց ռումբի ապաժամ պայթումին…
Հազիւ 46 տարեկանին կտրուեցաւ կեանքի թելը Քրիստափորի։
Իր նահատակութեամբ եւս Դաշնակցութեան հիմնադիրը պատմական օրինակ մարմնաւորեց։ Յեղափոխութեան ղեկավարը սեփական օրինակը տուաւ յանուն գաղափարի գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու յանձնառութեան։
Եւ որքան տարիները կ՛անցնին, հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն մօտ աւելիով կþարմատաւորուի հմայքն ու խորհուրդը Քրիստափոր Միքայէլեան անուն Հայ Յեղափոխականին, որ 155 տարի առաջ իր աչքերը բացաւ հայոց բազմաչարչար հայրենիքին մէջ, որպէսզի իր անձին օրինակով, երկաթեայ կամքով եւ քաղաքական մտածողութեամբ վերջնականապէս փշրէ դարաւոր ստրկութեան շղթաները եւ կերտէ Հայու արդի կերպարը՝ Յանուն հայ ազգի եւ Հայաստանի ազատութեան յարատեւ կռուի պատրաստ աննկուն Հայ Յեղափոխականը։