Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Սպառնան Ճակատամարտը Իսթանպուլ եւ Անգարա Փոխադրել
- (0)

Խաղաղ Փոփոխութեան Քրտական Ազգային Շարժումը ընդհանուր քարտուղար Ալի Օմարի (նկարը) Հոկտեմբեր 7-ին «Ալ-Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ թրքական կառավարութիւնը արգելք կը հանդիսանայ, որ քիւրտ որեւէ զինեալ Քոպանի մեկնի զայն պաշտպանելու համար։
Անդրադառնալով Պան Քի Մունի այն յայտարարութեան, թէ պէտք է Քոպանիին օժանդակել՝ ան զարմանք յայտնեց եւ հարց տուաւ, որ այդ մէկը ինչպէս պիտի կատարուի, երբ թրքական բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ պաշարուած է, եւ նախատեսեց, որ թրքական բանակը պաշարման օղակը սեղմէ։
Ան նաեւ Էրտողանի կառավարութիւնը նկատեց ոճրագործ կառավարութիւն մը, որ սուրիացի ժողովուրդին դէմ կռուեցաւ եւ քիւրտ զինեալներուն Քոպանի հասնիլը արտօնելու համար կը պահանջէ, որ անոնք իրեն քաղաքական եւ ռազմական շահեր ապահովեն, ինչպէս նաեւ կ՚ուզէ քիւրտերուն հետ բանակցիլ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Սուրիոյ բանակին դէմ կռուելու հարցով։
Ան յայտարարեց, որ քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերն ու Սուրիոյ քիւրտ ժողովուրդը սուրիական պետութեան ու օրինական կառավարութեան կողքին են եւ պիտի պաշտպանեն Քոպանին, Գամիշլին, Հասաքէն, Դամասկոսն ու Տարաան։
Օմարի ըսաւ, որ իրենք իբրեւ սուրիացի քիւրտեր Սուրիոյ հողամասէն ոչ իսկ թիզ մը պիտի զիջին եւ եթէ կարողանան ճակատամարտը պիտի փոխադրեն Իսթանպուլ եւ Անգարա, իսկ Էրտողանի կառավարութիւնը պիտի չկարողանայ արգելք հանդիսանալ, որ իրենք պաշտպանեն իրենց քրտական ինքնութիւնը, պատիւը, կիներն ու մանուկները ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի, որ կը ֆինանսաւորուի Էրտողանի կառավարութեան կողմէ։