ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը կ՚աջակցի Յովիկ Թիւֆենքճեանին՝ իբրեւ Ազատական կուսակցութեան Վիմիի թեկնածու
- (0)
\n

\n
Յովհաննէս տարիներէ ի վեր Վիմիի համայնքի գործունեայ անդամ եղած է։ Ան տարբեր ղեկավար դիրքերու վրայ մեծ յանձնառութիւն ցոյց տուած է եւ երկու տասնամեակներէ ի վեր ծառայած է Գանատայի Ազատական կուսակցութեան մէջ։
\n
Իբրեւ գանատահայ երիտասարդութիւնը ներկայացնող կազմակերպութիւն՝ ՀՅԴ ԳԵՄ -ն ու անոր անդամները այս յանձնառութիւնն ու փորձառութիւնը կը նկատեն իրենց ղեկավարներուն եւ մանաւանդ պետական պաշտօնեաներուն մէջ կենսական յատկանիշ մը։
\n
«Վերջերս, մենք նշեցինք 91-ամեակը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած «Ճորճթաուն Պոյզ» անունով ծանօթ խումբ մը որբերու, որոնք յետ եղեռնեան հանգրուանին մեծ գուրգուրանքով հիւրընկալուեցան Գանատայի պետութեան կողմէ։
\n
Յովհաննէսի եւ անոր ընտրարշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար Դիմատետրի վրայ այցելել «Ohannes Tufenkjian»-ին կամ հետեւիլ «Թուիթըր»-ի վրայ @OTufenkjian հասցէին։
\n