Ամասիոյ վերջին հայը


Ռաֆայէլ Ալթունեան

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը, Հոկտեմբեր 6-ի իր թիւով ներկայացուցած է Թուրքիոյ Ամասիա քաղաքին մէջ ապրող վերջին հայ քաղաքացիին կեանքը, կենցաղն ու խնդիրները: Ստորև կը ներկայացնենք թերթի վերոնշեալ հրապարակումէն հատուած մը.

«Ամասիոյ մէջ ապրող վերջին հայը՝ Ռաֆայէլ Ալթունեանը կամ անձնագրով`Ֆարուք Ալթունը Ամասիոյ մէջ ապրող վերջին հայն է: Գրեթէ ոչ ոք իր իրական ինքութեան մասին տեղեակ է, որովհետև ան ինքնութիւնը թաքուն պահելով  կ՚ապրի: Ճնշումէ եւ օտարացումէ խուսափելու համար անունը փոխած է: Տունը, ուր անցուցած է մանկութիւնը, քաղաքապետորանը խլած է իրմէ, իսկ պապերու և հօր գերեզմաններուն վայրին վրայ իսլամական կրօնական վարժարան հիմնուած է: Ան կը պատմէ, որ հայ ըլլալուն պատճառով դպրոցին մէջ  ճնշումներու ենթարկուած է իսկ բանակին մէջ ամենաշատ ծեծը իրեն բաժին ինկած է:

«Ծնած օրէս այստեղ կ՚ապրիմ և այս հողին վրայ կը ցանկամ թաղուիլ: Մարդ անհատը չի կրնար մերժել իր ինքնութիւնը, ես հայ եմ, քրիստոնլայ եմ: Միշտ ճնշուած եմ , իրաւունքներս ոտնահարուած են։ Երբ ինծի հարց կու տան արմատներուս մասին, կը խուսափիմ պատասխանելէ»:

Ամասիա կը գտնուի Իրիս գետի ափին: Պատմութեան ընթացքին եղած է պոնտական թագաւորութեան մայրաքաղաքը: Թուրքերու կողմէ գրաւուած է 1392-ին: Ըստ աւանդութեան հիմնադրուած է Ալեքսանտր Մակեդոնացիին կողմէ, ի յիշատակ իր հօրեղբօր՝ Ամասիայի:

1830 թուականին ունէր 30000 բնակիչ, որուն 14000-ը՝ հայեր: 1850 թ հայերը 17000 էին: Հայոց եկեղեցիներ էին՝ Ս. Աստուածածին, Ս. Նիկողոս (1218), Ս. Յակոբ (1255) կից նախակրթական վարժարաններով:

Ամասիա ծնած են Պոնտոսի արքայ Միհրդատ VI-ը, յոյն աշխարհագէտ Ստրաբոնը, հայ նշանաւոր բժիշկ Ամիրդովլաթ Ամասիացին (15-րդ դար)։ Ամասիայի մէջ կ՚ապրէին նաև թուրքեր, յոյներ եւ հրեաներ: Ամասիոյ մէջ կը հրատարակուէին «Ամասիա» և «Ապառաժ» թերթերը: Ունէին առաջնորդարան և ազգային հիւանդանոց: 1914-1918 Ամասիոյ հայերը ենթարկուեցան զանգուածային ջարդի ու ոչնչացման: 1929-ին Ամասիոյ մէջ մնացած էին միայն 400 հայեր:

Ամասիա


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.