Մամետով «Կը Հակադարձէ» Օպամայի Արտայայտութեան


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի փոխղեկավար, արտաքին կապերու բաժինի վարիչ Նովրուզ Մամետով մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային կողմէ Պաքուի հասցէին կատարուած քննադատութիւնը՝ առանց հերքելու զայն։ Օպամա քննադատած էր «Ատրպէյճանի նման տեղեր»ը, ուր ընդդիմադիր կուսակցութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ չեն կրնար ազատօրէն գործունէութիւն մշակել։
Մամետով ըսած է, որ նման երկիրներ կը հանդիսանան «Արեւմուտքի ռազմավարական գործընկերները։ Հետաքրքրակա՛ն է»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.