Ճատրակ. Հայաստան 10 Խաղացողով Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան


15bece0a3d5572e13de9c5db3bce2609Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Armchess.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ 20-29 սեպտեմբերին Տուրպանի մէջ (Հարաւային Ափրիկէ) տեղի պիտի ունենայ 10-18 տարեկան տղոց եւ աղջկանց ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը:

24 սեպտեմբերը նկատի առնուած է իբրեւ մրցաշարքին միակ հանգիստի օրը:

Հայկական աղբիւրը իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Հայաստան այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 10 ճատրակ խաղացողով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.